Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Նոր Միջանցքի Գործարկմամբ Աղանուս Համայնքի Տարածքը Դուրս Պիտի Գայ Ատրպէյճանի Վերահսկողութենէն. Խանումեան

Նոր Միջանցքի Գործարկմամբ Աղանուս Համայնքի Տարածքը Դուրս Պիտի Գայ Ատրպէյճանի Վերահսկողութենէն. Խանումեան

by MassisPost

Արցախի Բերձոր, Աղաւնօ եւ Ներքին Սուս համայնքներու բնակչութիւնը տարհանելու նպատակով ներկայիս ցուցակագրման գործընթաց կ’իրականացուի` պարզելու, թէ ովքեր կը փափաքին հաստատուիլ Արցախի մէջ, ովքեր` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Այս մասին «Արմենփրես»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Հայկ Խանումեանը`  նշելով, որ երեք համայնքներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, մօտ 100 ընտանիք կը բնակի:

«Մօտ օրերս համայնքապետերը կը ներկայացնեն համապատասխան ցուցակները եւ ըստ այդմ` կը լուծուի Արցախ տեղափոխուող ընտանիքների բնակապահովման խնդիրը: Այն ընտանիքները, որոնք կը տեղափոխուեն Հայաստանի Հանրապետութիւն, կը ստանան բնակարան գնելու վկայագիր, իսկ մինչ այդ` բնակարանի վարձավճարի փոխհատուցում: Նախնական տուեալներով Արցախում հաստատուելու ցանկութիւն է յայտնել նշուած համայնքների բնակչութեան մօտ 25-30 տոկոսը», մանրամասնեց նախարարը:

Գերատեսչութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ արդէն յստակ է, ուր պիտի տեղաւորուին Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Ներքին Սուսէն տարհանուող ընտանիքներէն Արցախի մէջ բնակելու ցանկութիւն յայտնողները, որոնց պետութիւնը պիտի ապահովէ բնակարանով:

Խօսելով տարհանման  գործընթացին մէջ առկայ խնդիրներէն` Հայկ Խանումեանը յայտնեց, որ տեղափոխման հարցերը  պիտի լուծուին միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու, անհրաժեշտութեան պարագային` նաեւ  պետութեան օգնութեամբ:

«Այս պահին մեր գործընկերների հետ բանակցում ենք, որպէսզի օգնեն գործընթացի  կազմակերպման հարցում: Քննարկւում են տեխնիկական մանրամասները`  ի՞նչ ձեւով փոխանցուի գումարը եւ այլն», ըսաւ «Արմենփրես»-ի զրուցակիցը`  հաւաստիացնելով, որ տեղափոխման հետ կապուած խնդիրներ չկան:

Անոր հաւաստմամբ` մինչեւ Օգոստոս 25 հնարաւոր է արագ եւ ժամանակին կազմակերպել տարհանման գործընթացը:

Այս ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնն ալ կ’իրականացնէ  պատմամշակութային ժառանգութեան դուրսբերումը:

Անդրադառնալով ընկերային ցանցերուն մէջ առկայ որոշ քննարկումներուն, ըստ որոնց Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի բնակչութեան արգիլուած է հրդեհել տուները,  նախարար Խանումեան նախ յիշեցուց Շահումեանի շրջանի Չարեքտար համայնքի օրինակը, երբ բնակիչները հրդեհած էին տուները, որմէ յետոյ պարզուած էր, որ բնակավայրը պիտի մնայ Արցախի վերահսկողութեան ներքոյ:

«Ես դէմ եմ տները վառելուն: Արդէն մի անգամ Չարեքտարը վառել են, թիւրիմացաբար ասեմ, թէ միտումնաւոր, եւ այսօր 100 միլիոնաւոր դրամներ ենք ծախսում այդ գիւղը վերականգնելու համար: Ընդամէնը մէկուկէս տարի է անցել, ինչ Աղանուս համայնքի տարածքը յանձնուեց, բայց այսօր այդ համայնքի տարածքը վերադառնում է միջանցք. դուրս է գալու Ատրպէյճանի վերահսկողութիւնից, բայց այնտեղ ամէն ինչ թալանուած ու այրուած է` սկսած առաջին պատերազմի տարիներից մինչեւ 2020 թուական: Մեղուաձոր, Յունանաւան, Մելիքաշէն, Մարաթուկ բնակավայրերի մասին է խօսքը: Եթէ բնակարանային ֆոնտը թողնէինք այդ միջանցքում, այսօր այդտեղ հանգիստ կարող էինք բնակեցում անել, բայց այսօր այնտեղ միայն պատեր են վառուած ու աւերակներ: Եթէ բնակարանային ֆոնտը պահպանուած լինէր, ապա այդ միջանցքն այսօր հանգիստ կարող էինք բնակեցնել: Ներկայում այնտեղ միայն վառուած պատեր են ու աւերակներ», ըսաւ Խանումեան` նշելով, որ Աղաւնօն շատ մօտ կը գտնուի Արցախը ՀՀ-ին կապող նոր երթուղիով նախատեսուած միջանցքին եւ յայտնի չէ, թէ մէկուկէս, երկու տարի յետոյ ինչպէս կը փոխուի իրավիճակը:

«Չէի ցանկանայ, որ ամէն ինչ մեր օգտին ընթանալու դէպքում Աղաւնօ վերադառնալուց յետոյ, նոյն կերպ այրուած ու սեւացած պատեր տեսնէինք: Հետեւաբար, կտրուկ դէմ եմ որեւէ բան այրելուն, թալանելուն, քանդելուն», շեշտեց Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարը:

Պատասխանելով Արցախ-Հայաստան այլընտրանքային ճանապարհով երթեւեկութիւնը կազմակերպելու առանձնայատկութիւններուն եւ հարեւանութեամբ կառուցուող նոր ենթակառուցուածքներուն վերաբերեալ հարցին` նախարարը մանրամասնեց, որ նոր երթուղին կը սկսի Տասը Վերստ բնակավայրէն, ապա կ’անցնի` Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս համայնքի վարչական տարածքով եւ կը հասնի մինչեւ ՀՀ սահման:

«Դեռեւս կառուցուած չէ դէպի Կոռնիձոր 11 քիլոմեթրանոց ճանապարհահատուածը: Մինչեւ այդ, ժամանակաւորապէս կ’անցնենք 4 քիլոմեթրանոց փոքր հատուածով, որը միանում է գործող  մայրուղուն`  Աղաւնոյի հէնց վերեւում», ըսաւ Հայկ Խանումեանը` յաւելելով, որ այլընտրանքային ճանապարհը պիտի գործէ միջանցքի տրամաբանութեամբ:

Նախարարին հաղորդմամբ` ՀՀ սահմանէն Կոռնիձոր ինկած ճանապարհահատուածը կը նախատեսուի կառուցել մօտ 250 օրուան մէջ:

Այլընտրանքային ճանապարհի անվտանգութիւնը պիտի գործէ ներկայիս Բերձոր-Աղաւնոյով  անցնող միջանցքի սկզբունքով. նոր երթուղիի 5 քիլոմեթրանոց հատուածին մէջ պիտի տեղակայուի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը:

Ինչ կը վերաբերի այլընտրանքային ճանապարհի երկայնքով Արցախը սնուցող նոր ենթակառուցուածքներուն, մասնաւորապէս, կապի եւ ելեկտրամատակարարման բարձրավոլթ գիծերու  անցկացման, Հայկ Խանումեանը նշած է, որ աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են, որ կը նախատեսեն աւարտել սեղմ ժամկէտներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment