Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ-ն Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Քայլերու Ձեռնարկելու` Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Համար

ԱՄՆ-ն Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Քայլերու Ձեռնարկելու` Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Համար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները ուշադիր կը հետեւի Ղարաբաղի շուրջ զարգացումներուն եւ կոչ կ’ընէ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ հետագայ սրացումէ խուսափելու համար, յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի մէջ ամերիկեան առաքելութիւնը:

ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդին մէջ տարածուած փաստաթուղթով Ուաշինկթըն կրկին ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման կարեւորութիւնը:

«Միացեալ Նահանգները խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բուռն մարտերու, այդ շարքին` զոհերու եւ մարդկային կորուստներու մասին հաղորդագրութիւններուն առնչութեամբ», ըսուած է ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդին մէջ ԱՄՆ առաքելութեան գործերու հաւատարմատար Քորթնի Օսթրիանի յայտարարութեան մէջ:

Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած վերջին սրացումէն յետոյ, որուն հետեւանքով հայկական կողմէն երկու զինուոր զոհուեցաւ, եւս երկու տասնեակ զինուորներ վիրաւորուեցան, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` կոչ ընելով թուլցնելու լարուածութիւնը եւ երթալու ուղիղ շփումներու:

Նոր յայտարարութեամբ Միացեալ Նահանգները կրկին կը պնդէ, որ պատրաստ է համագործակցելու երկկողմ ձեւաչափով, համախոհ գործընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան նպաստելու եւ օգնելու հասնիլ հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment