Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաստատած Է Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերուն Կողմէ Զինադադարի Խախտումը, Որուն Հետեւանքով Հայ Զինուոր Վիրաւորուած Է

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաստատած Է Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերուն Կողմէ Զինադադարի Խախտումը, Որուն Հետեւանքով Հայ Զինուոր Վիրաւորուած Է

by MassisPost

Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաստատած է Գեղարքունիքի մարզի Սոթքի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի խախտումը: Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ անցած մէկ օրուան մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ  Գեղարքունիքի մարզի Սոթք շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ զինադադարի մէկ խախտում արձանագրուած է, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է Հայաստանի զինուած ուժերու մէկ զինուոր:

«Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներու հրամանատարութեան կողմէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ փոխգործակցութեամբ այս միջադէպը կարգաւորուած է, կողմերու շփման գիծին վրայ խախտումներ թոյլ չեն տրուած», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment