Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Խօսած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Պայմաններու Մասին

Էրտողան Խօսած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Պայմաններու Մասին

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ելոյթ ունեցած է Անգարայի մէջ տեղի ունեցող Դեսպաններու 13-րդ համաժողովին, որուն ընթացքին անդրադարձած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմին ու Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացին: Թուրքիոյ նախագահին խօսքով «Ատրպէյճանի` բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու գործընթացը» ցոյց տուած է, որ առանց գետնի վրայ ուժեղ ըլլալու՝ սեղանի վրայ ձեռքբերումներ ունենալը դժուար է: Էրտողան հերթական անգամ կրկնած է 30 տարի հարցին չլուծուած մնալու եւ միայն ատրպէյճանական բանակի «հերոսական պայքարին» շնորհիւ լուծուելու մասին իրենց թեզերը: Այս մասին կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Ըստ Թուրքիոյ նախագահին` ձեռք բերուած համաձայնութիւններով Հարաւային Կովկաի մէջ նոր ժամանակաշրջան սկսած է, իրենք ալ մեծ ջանք կը գործադրեն, որ այդ պատմական հնարաւորութիւնը չկորսուի: «Մինչեւ այսօր Ատրպէյճանի հետ սերտ խորհրդակցութիւններ կատարելով` շարք մը քայլեր կատարած ենք: Հակառակ հայկական արմատական շրջանակներու սադրանքներուն` կարեւոր տարածութիւն անցած ենք Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան ճանապարհին: Հայաստանի հետ յատուկ ներկայացուցիչներուն միջոցով մեր սկսած բանակցութիւնները կը շարունակուին: Վարչապետ Փաշինեանի` Ատհայի տօնին առիթով կատարած հեռախօսազանգին ժամանակ շատ կառուցողական խօսակցութիւն կատարեցինք: Կը հաւատամ, որ Հայաստանի` զարգացումները ճիշդ ընկալելու, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ անկեղծ կոչերուն պատասխանելու պարագային մեր տարածաշրջանը կարճ ժամանակահատուածի մէջ կայունութեան պիտի հասնի», ըսած է Էրտողան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment