Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոեւէ Մէկը Թող Յոյս Չունենայ, Թէ Մեր Պարտութիւնը Անժամկէտ Է, Ու Մենք Պէտք Է Միշտ Գործենք Պարտուածի Կարգավիճակով. Էտմոն Մարուքեան

Ոեւէ Մէկը Թող Յոյս Չունենայ, Թէ Մեր Պարտութիւնը Անժամկէտ Է, Ու Մենք Պէտք Է Միշտ Գործենք Պարտուածի Կարգավիճակով. Էտմոն Մարուքեան

by MassisPost

Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան  Էտմոն Մարուքեան հարցազրոյց տուած է «RTVI» միջազգային հեռուստաալիքին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող այլ հարցերու:

Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերաբերեալ հարցին` Մարուքեան կրկին յիշեցուցած է հայկական անփոփոխ դիրքորոշումը առ այն, որ ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է լքեն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը, ուր ներխուժած են 2021 թուականէն, եւ նշած է, որ առկայ բոլոր քարտէզներով, այդ շարքին` Ռուսիոյ մէջ պահուող  ԽՍՀՄ քարտէզներով, այդ տարածքը ՀՀ ինքնիշխան տարածք է:

Մարուքեան կրկնած է, որ Հայաստանը խաղաղութեան կողմնակից է եւ ամէն քայլ ըրած է ու կ’ընէ անոր հասնելու ուղղութեամբ` միաժամանակ դատապարտելով ատրպէյճանական կողմէ հնչող ռազմական տարբեր կոչերը եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութիւն յառաջացնելու ատրպէյճանական տարբեր փորձերը: Մարուքեան նշած է, որ չի կրնար սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանք ընթանալ այնպիսի իրավիճակի մէջ, երբ սահմաններուն կը հնչեն կրակոցներ. «Սահմանազատման հարցը մի քանի օրուայ աշխատանք չէ. դա երկարատեւ գործընթաց է, որը պէտք է իրականացուի հանգիստ  պայմաններում: Այն չպէտք է ընթանայ որպէս յաղթող ու պարտուող կողմերի միջեւ գործընթաց, քանի որ այդ դէպքում անհնար է հասնել արդիւնքի: Մենք պէտք է գնանք այնպիսի ճանապարհով, որ հասնենք անգլերենում յայտնի «win win» տարբերակով լուծման, երբ բոլոր կողմերը գործընթացից դուրս կը գան յաղթած»:

Անդրադառնալով անկլաւներու վերաբերեալ հարցին` Էտմոն Մարուքեան նշած է, որ իր անձնական տեսակէտով` անոնք առհասարակ պէտք է դուրս գան քննարկումներէն, քանի որ, Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան համաձայն, կողմերը կը մնան այն տարածքներուն մէջ, ուր այդ պահին կը գտնուին. «Մենք պարտուել ենք մէկ անգամ, ու դա չի նշանակում, թէ մենք միշտ պէտք է պարտուենք ու միշտ զիջումների գնանք: Ոչ մէկը թող յոյս չունենայ, թէ մեր պարտութիւնը անվերջ ու անժամկէտ է, ու մենք պէտք է միշտ գործենք պարտուածի կարգավիճակով»:

Խօսելով տարածաշրջանին մէջ հածորդակցութիւններու բացման հնարաւորութեան մասին` Մարուքեան ըսած է, որ սխալ են պատկերացումները, թէ այն ձեռնտու է միայն Ատրպէյճանին: Մարուքեանը բերած է Լարսի օրինակը, որ օրերով կրնայ մնալ փակուած, եւ յաւելած է, որ անոր այլընտրանքը Հայաստանի համար անհրաժեշտութիւն է: Ան շահադիտութիւն որակած է ատրպէյճանական կողմէ հնչող միջանցքային տրամաբանութեամբ լուծումներու մասին լուրերը` նշելով, որ այդպիսի հարցեր չեն քննարկուիր, ու խօսքը միայն ճանապարհներու սովորական բացման մասին է` իւրաքանչիւր երկրի օրէնսդրութեան  համաձայն ու տարածքներու ինքնիշխանութեան պահպանման սկզբունքով:

Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական հնարաւոր խաղաղութեան պայմանագրի մասին խօսակցութիւններուն` Մարուքեան նշած է, որ Հայաստանը Ատրպէյճանէն որեւէ տարածքային պահանջ չունի, եւ շեշտած է, որ Արցախի հարցը ոչ թէ տարածքային հարց է, այլ՝ իրաւունքներու, որոնք 21-րդ դարուն աւելի առաջնային են: Ան անդրադարձած է նաեւ Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ հարցին` նշելով, որ հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ` ինչպէս կը պնդէ ատրպէյճանական կողմը: Մարուքեան յաւելած է, որ Հայաստանը գործուն ջանքեր կը գործադրէ հարցի լուծման ուղղութեամբ` ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի շրջանակներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment