Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Լոնտոնի Մէջ Ատրպէյճանի Դեսպանատունը Յարձակման Ենթարկուած Է

Լոնտոնի Մէջ Ատրպէյճանի Դեսպանատունը Յարձակման Ենթարկուած Է

by MassisPost

Ծայրայեղական խումբ մը աքթիւիսթներ Հինգշաբթի երեկոյեան յարձակած են Բրիտանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ, յայտարարած է երկրի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:

Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ յարձակողները վանտալիզմի դիմած են, կրօնական դրօշներ պարզած եւ դեսպանատան պատշգամէն ծայրայեղական կոչեր հնչեցուցած են: «Ոստիկանութիւնը վերջիններս դուրս բերած է շէնքէն եւ ձերբակալած է զանոնք: Կատարուածը կը հետաքննեն Բրիտանիոյ իրաւապահ մարմինները, քննութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի», հաղորդած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմը դիւանագիտական խողովակներով նախազգուշացուցած է Բրիտանիբյ իշխանութիւնները՝ ապահովել ատրպէյճանցի դիւանագէտներու եւ շինութիւններու անվտանգութիւնը` միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան:

Ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ’երեւի, որ դեսպանատան պատին արաբերէնով կարգախօսնէր գրուած են, Ատրպէյճանի դրօշն ալ իջեցուած է:

Ատրպէյճանական աղբիւրները կը նշեն, որ կատարուածին համար պատասխանատուութիւն ստանձնած է «Մահտիի Ծառաներու Միութիւն» կոչուող շիի մահմետական կազմակերպութիւնը, որուն ներկայացուցիչները պնդած են, որ «Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը հալածէ որոշ շիի մահմետականներ»:

Բրիտանական լրատուամիջոցներուն հաղորդմամբ, ոստիկանութիւնը առնուազն ութ մարդ ձերբակալած է, տուժածներ չկան, քննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment