Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահները Պիտի Կարենան Կանխել Վերադարձը Հայ-Ատրպէյճանական Պատերազմին․ Պոնտարեւ

Ռուս Խաղաղապահները Պիտի Կարենան Կանխել Վերադարձը Հայ-Ատրպէյճանական Պատերազմին․ Պոնտարեւ

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սրացումը պայմանաւորուած է հակամարտութեան շրջանակներուն մէջ շարք մը հիմնարար կէտերու կարգաւորուած չըլլալով, սակայն ռուս խաղաղապահները պիտի կարենան կանխել «վերադարձը հայ-ատրպէյճանական պատերազմին»է, նման կարծիք յայտնած է Ռուսիոյ Խորհուրդի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Կոմիտէի ղեկավար Վիքթոր Պոնտարեւը:

«Կարեւորը սրացող հակամարտութիւնը ժամանակին արգելափակելն է», գրած է ան իր թելեկրամեան ալիքով:

«Իրականութեան մէջ այս հակամարտութիւնը մարած է, բայց չէ լուծուած: Աւելին, այն մարած է ռուս խաղաղապահներու ուժերով, այլ ոչ թէ հակառակորդ կողմերու բարի կամքով», ըսած է ան:

Պոնտարեւի խօսքով` պատճառները, որոնք յառաջացուցած են հակամարտութիւնը, վերացուած չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment