Home Uncategorized Չնայած Առկայ Լարուածութեան` Իրադրութիւնը Շփման Գիծին Վրայ Յարաբերականօրէն Կայուն Է

Չնայած Առկայ Լարուածութեան` Իրադրութիւնը Շփման Գիծին Վրայ Յարաբերականօրէն Կայուն Է

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը կը հերքէ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ իբր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խախտած են զինադադարի պահպանումը. չնայած առկայ լարուածութեան` իրադրութիւնը շփման գիծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն է:

Պաշտպանութեան բանակէն մասնաւորապէս կը յայտնեն. «Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որի` ԱՀ պաշտպանութեան բանաԯի ստորաբաժանումները 9 անգամ խախտել են հրադադարի պահպանման ռեժիմը` կիրառելով դիպուկահար հրացաններ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ, հերթական ապատեղեկատուութիւնն է եւ չի համապատասխանում իրականութեանը»:

Պաշտպանութեան բանակէն եւս մէկ անգամ ընդգծած են, որ ատրպէյճանական կողմն է որ պարբերաբար կը խախտէ զինադադարի պահպանումը:

Չնայած առկայ լարուածութեան` իրադրութիւնը շփման գիծին վրայ յարաբերականօրէն կայուն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment