Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայ Հանրութեան Մօտ Հարցեր Կ’առաջանան Խաղաղապահ Առաքելութեան Էութեան Եւ Բովանդակութեան Մասին․ Նիկոլ Փաշինեան

Հայ Հանրութեան Մօտ Հարցեր Կ’առաջանան Խաղաղապահ Առաքելութեան Էութեան Եւ Բովանդակութեան Մասին․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

2020 թուականի Նոյեմբերէն յետոյ շարք մը իրադարձութիւններ հայ հանրութեան մօտ յառաջ կը բերեն խաղաղապահ առաքելութեան էութեան եւ բովանդակութեան հետ կապուած հարցեր: Այս մասին կառավարութեան նիստին սկիզբը ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Անոր խօսքով, 2020 թուականի Դեկտեմբերին Հին Թաղերու եւ Խծաբերդի մէջ հայ զինուորներու գերեվարումը եւ 2022 թուականի Մարտին Փառուխի եւ Քարագլխի դէպքերը տեղի ունեցած են ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ եւ թողտուութեամբ:

Այս պայմաններուն մէջ խիստ անհրաժեշտ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահ գործողութեան ճշգրտումը: Գոյութիւն ունին թեմային վերաբերող հաստատութենական հարցեր: Եռակողմ յայտարարութեան 3-րդ կէտին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ շփման գիծ, որ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտին է:

«Գոյութիւն ունեն թեմային առնչուող մի շարք ինստիտուցիոնալ հարցեր: Մասնաւորապէս, 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 3-րդ կէտում  յստակ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղում կայ շփման գիծ, որի երկայնքով էլ տեղակայւում են ՌԴ խաղաղապահ ուժերը: Հէնց այդ տարածքն է կոչւում Լղ-ում ՌԴ խաղաղապահ զօրախմբի պատասխանատուութեան գօտի: Մենք ակնկալում ենք, որ շփման գծի հատման որեւէ փորձ կը կասեցուի ՌԴ-ի խաղաղապահ զօրախմբի կողմից, իսկ շփման գծից ներս գտնուող ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դուրս կը բերուեն», ասաց Նիկոլ Փաշինեանը:

Անոր խօսքով, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ աստորագրութիւնը բաւարար են այդ մանտաթը լիարժէք իրագործելու համար, իսկ եթէ ոչ` պէտք է քայլերու ձեռնարկել խաղաղապահներին միջազգային մանտաթով օժտելու ուղղութեամբ, ըսած է Փաշինեան:

«Եթէ ոչ, ապա անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել այդ մանդատը միջազգայնօրէն հաստատելու կամ խաղաղապահներին աւելի լայն միջազգային մանտաթով օժտելու ուղղութեամբ: Ես հիմա չեմ ուզում շատ աշխատանքային մանրամասներ բացել, բայց այս հարցերը մեզ յուզել են 2020 թուականի Նոյեմբերից, ջանքեր ենք գործադրել ճշգրիտ լուծեմների հասնելու համար ու հիմա այդ ջանքերը պէտք է կրկնապատկել եւ եռապատկել», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment