Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Օտարերկրեայ Հետախուզութիւնը Լրտեսական Ցանցին մէջ Ներգրաւած Է Հիմնականին Մէջ Նախկին Կամ Ներկայ Զինուորականներ. ՀՀ ԱԱԾ-ն Մանրամասներ Կը Յայտնէ

Օտարերկրեայ Հետախուզութիւնը Լրտեսական Ցանցին մէջ Ներգրաւած Է Հիմնականին Մէջ Նախկին Կամ Ներկայ Զինուորականներ. ՀՀ ԱԱԾ-ն Մանրամասներ Կը Յայտնէ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Քննչական բաժանմունքին մէջ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան դէպքերուն առթիւ յարուցուած քրէական վարոյթներուն նկատմամբ հանրային լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը հաշուի առնելով` կը տեղեկացուի, որ վարոյթներէն չորսով 2022 թուականի Յուլիս ամսուն կազմուած են եզրափակիչ դատավարական գործեր եւ կալանքի տակ գտնուող չորս անձերու մասով քրէական վարոյթները մեղադրական եզրակացութիւններով յանձնուած են դատարան:

ՀՀ ԱԱԾ-էն յայտնած են, որ յարուցուած եւ դատարան յանձնուած քրէական վարոյթներով պարզուած է, որ գործակալական ցանցերուն մէջ ներգրաւուած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ծաւալած հակապետական գործունէութեան հետեւանքով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններուն հնարաւորութիւն տրուած է յստակ տեղեկանալ հայկական զօրքերու, զօրամիաւորումներու, զինուորական սարքի տեսակի, թուաքանակի, անոնց հնարաւոր մարտավարութեան` յարձակման, պաշտպանութեան, հանդիպակաց մարտի, մարտավարական վերադասաւորումներու եւ այլնի վերաբերեալ, ընդհուպ մինչեւ` քարտէզի վրայ տեղորոշուած եղանակով ստանալով հայկական ուժերու աշխարհագրական յստակ տուեալները:

Օտարերկրեայ հետախուզութիւնը լրտեսական ցանցին մէջ ներգրաւած է հիմնականին մէջ նախկին կամ ներկայ զինուորականներ, որոնք  ծառայութեան բերումով հնարաւորութիւն ունեցած են մուտք գործելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ գտնուող զօրամասեր, բարձրանալու մարտական դիրքեր, ծանօթանալ ռազմական բնագաւառին վերաբերող բազմապիսի փաստաթուղթերու եւ տեղեկութիւններու, քօղարկուած եղանակով կատարելու տեսանկարահանումներ, ճշդելու զինուորական սարքի տեսակներն ու քանակները, զօրամիաւորումներու շարժը, լուսանկարելու ռազմական նշանակութեան քարտէզներ, ձեռք բերելու այլ տեղեկութիւններ եւ այդպիսիք փոխանցելու օտարերկրեայ հետախուզութեան ներկայացուցիչներուն` անոր դիմաց ստանալով իրենց վարձատրութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ միայն 2022 թուականի ընթացքին պետական դաւաճանութիւն կատարելու դէպքերով յարուցուած քրէական վարոյթներով ՀՀ ԱԱԾ Քննչական բաժանմունքի քննիչներուն կողմէ մեղադրական եզրակացութեամբ դատարան յանձնուած են ընդհանուր թիւով 5 քրէական վարոյթներ 12 անձերու վերաբերեալ:

Յարուցուած այլ վարոյթներով նախաքննութիւնը կը շարունակուի եւ նկատի ունենալով անոնց նկատմամբ հանրային լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը` ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը պարբերաբար տեղեկութիւններ պիտի տրամադրէ անոնց ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment