Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԳ Նախարարն Ու ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Տեղակալը Ընդգծած Են Հայ Ռազմագերիներուն Շուտափոյթ Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը

ՀՀ ԱԳ Նախարարն Ու ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Տեղակալը Ընդգծած Են Հայ Ռազմագերիներուն Շուտափոյթ Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ: ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանին մէջ առկայ անվտանգային միջավայրին վերաբերեալ:

Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով ծագած մարդասիրական խնդիրներու լուծման, կողմերը ընդգծած են հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment