Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Արցախին Կապող Նոր Ճանապարհի Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Օգոստոսին

Հայաստանը Արցախին Կապող Նոր Ճանապարհի Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի Օգոստոսին

by MassisPost

Հայաստանը Արցախին կապող նոր` Լաչինի միջանցքը փոխարինող ճանապարհի շինարարութիւնը պիտի սկսի Օգոստոսին, յայտարարած է Տարածքային Կառավարման Նախարարութիւնը:

Նոր ճանապարհը Սիւնիքի Տեղ, Կոռնիձոր գիւղերով պիտի մտնէ Արցախ` Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերով:

Ատրպէյճանական կողմն արդէն աւարտին կը հասցնէ գործը․ Բերդաձորի գիւղերուն մէջ թուրք ու ատրպէյճանցի շինարարները կ’ասֆալթապատեն ճանապարհը: Կոռնիձորի տակ արդէն աւարտած են կամուրջի շինարարութիւնը:

Հայկական կողմը պէտք է կառուցէ Կոռնիձորէն Տեղ գիւղ տանող հատուածը: Գիւղին մէջ առայժմ շինարարներ չեն տեսած:

«Մեր կողմից ոչ մի աշխատանք չի կատարուել, Ատրպէյճանի կողմից կատարուել է զուտ իրենց մասով` դէպի իրենց ճանապարհը, եւ կամուրջն են սարքել: Իսկ մեր կողմում ոչ մի աշխատանք դեռ չի իրականացուել, չափագրողներ եկել են, չափագրումներ կատարել են այն տարածքով, որ պիտի անցնի», «Ազատութեան» փոխանցեց Կոռնիձորի համայնքապետարանի ներկայացուցիչ Լուսինէ Քարամեանը:

Ան ըսաւ, որ շաբաթներ առաջ գիւղին յարակից տարածքին մէջ մասնագէտները հետազօտական աշխատանք կատարած են:

Կառավարութիւնը Յունիս ամսուան վերջին նիստին ընդունած է որոշում մը, որով գումար յատկացուած է շարք մը ճանապարհներու կէոտեզիական (Geodesy), քարտէզագրական աշխատանքներու համար, այս շարքին է «Մ-12» Կոռնիձոր-Արցախ մայրուղիի վերակառուցումը:

«Մեզ հասած տուեալներով` ճանապարհը երեւի կ’անցնի դաշտամիջեան ճանապարհով, այսինքն` Կոռնիձորի յարակից դաշտավայրերով», ըսաւ Լուսինէ Քարամեանը:

Եռակողմ յայտարարութեամբ երեք տարուան ընթացքին Լաչինի միջանցքի երկայնքով նոր երթուղիի կառուցման նախագիծ պիտի հաստատուի: Երեք տարին չանցած ոչ թէ նախագիծի, այլ շինարարութեան աւարտի մասին կ’ազդարարէ Ատրպէյճանը: Հայկական կողմը նոր-նոր կը սկսի շինարարութիւնը:

Եռակողմ յայտարարութենէն մէկ ամիս ալ չանցած Ատրպէյճանի նախագահը արդէն կը յայտարարէր, որ պիտի կառուցեն Լաչինի միջանցքին փոխարինող ճանապարհը 3 տարիէն ալ շուտ:

«Նոր միջանցքի յարաչափերը յստակացնելէ յետոյ, Լաչին քաղաքը նոյնպէս պիտի վերադարձուի մեզի», կ’ըսէր Իլհամ Ալիեւ:

Հայասատան-Արցախ նոր երթուղիի երկայնքով նոյնպէս ռուս խաղաղապահներ պիտի տեղակայուին, սա նախատեսուած է եռակողմ յայտարարութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment