Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ծերակոյտի Յատկացումներու Կոմիտէն Հաստատեց Օգնութիւնը Արցախին

ԱՄՆ Ծերակոյտի Յատկացումներու Կոմիտէն Հաստատեց Օգնութիւնը Արցախին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Կոմիտէն հրապարակեց 2023 ֆինանսական տարուան յատկացումներու օրինագիծը, որ կը վերահաստատէ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ Աջակցութեան 907-րդ բաժինը եւ կ’առաջարկէ 2 միլիոն տոլար արժողութեամբ ականազերծման օգնութիւն տրամադրել Արցախին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութիւն` տեղահանուած հայերուն օգնելու համար:

Մասնաւորապէս, Կոմիտէի զեկոյցին մէջ կ’ըսուի, որ «մինչեւ 2.000.000 տոլար մարդասիրական ականազերծման եւ չպայթած զինամթերքի մաքրման համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքին կռիւներու հետեւանքով տուժած տարածքներուն մէջ, որ ենթակայ է նախնական խորհրդակցութեան Յատկացումներու կոմիտէներու հետ», ինչպէս նաեւ «մարդասիրական օգնութիւն» «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով տեղահանուածներու համար»:

Անցեալ ամիս Ներկայացուցիչներու Պալատը ընդունեց օրինագիծի իր տարբերակը, որ կոչ կ’ընէր 60 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրել Հայաստանին եւ 2 միլիոն տոլար` Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներու համար, կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայկական Համագումարը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment