Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Դատապարտած Է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի Նախագահին Այցը Ծիծեռնակաբերդ

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Դատապարտած Է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի Նախագահին Այցը Ծիծեռնակաբերդ

by MassisPost

ermenihaber.am-ի հաղորդմամբ` Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը դատապարտած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի նախագահ Ապտուլլա Շահիտի` Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցը: Այս մասին Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն հաղորդագրութիւն հրապարակած է, որուն մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.

«ՄԱԿ-ի լիազօրուած մարմինները ներկայացնող անձեր պէտք է գործեն ՄԱԿ-ի օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական օրէնքներուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորապէս, 1948 թուականի ՄԱԿ-ի «ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ուխտին: Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերը եւ միջազգային իրաւունքը կեղծելու փորձերը: Թուրքիան այն կարծիքին է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերը պէտք է դիտարկուին լիարժէք, արդար եւ ազնիւ շրջանակներու մէջ»:

Բացի այդ, նշուած է, որ Շահիտի այցը Հայաստան իբր օգտագործուած է, որպէս «հայկական միակողմանի թեզերու գործիք»: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ’ըսուի, որ Շահիտը, որ ստանձնած է այնպիսի պաշտօն, որ պիտի ըլլայ արդար եւ անկողմնակալ, ինչպիսին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի նախագահի պաշտօնն է, կ’ակնկալուի, որ աւելի ուշադիր եւ պատասխանատու գործէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment