Ատրպէյճանական զինուժը անկանոն կրակ բացած է երկու գիւղերու ուղղութեամբ, տեղեկացուցած է Արցախի Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը: Գերատեսչութեան խօսնակ Յունան Թադեւոսեանի փոխանցմամբ` ատրպէյճանական կողմէն մօտ 20 վայրկեան տեւողութեամբ հրաձգային տարբեր զինատեսակներէ բուռն կրակ վարած են Թաղավարդ եւ Կարմիր Շուկայ համայնքներուն ուղղութեամբ, տուժածներ չկան:
«Խօսեցինք Կարմիր շուկայի ոստիկանութեան բաժանմունքի պատասխանատուի հետ, ասաց, որ այս պահին իրավիճակը վերահսկելի է, որեւէ կրակ չկայ, եւ գիւղացիներն էլ իրենց առօրեայ աշխատանքով», նշեց Յունան Թադեւոսեանը:
Այս տարուան Մարտ 24-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ խախտած էին շփման գիծը` զբաղեցնելով ե՛ւ Փառուխ գիւղը, ե՛ւ ոչ-հեռու գտնուող Քարագլուխ բարձունքը: Փառուխի ներխուժման նախորդած շաբաթներուն ատրպէյճանական կողմը բարձրախօսներով կը սպառնար յարակից Խրամորթի բնակիչներուն, թէ գիւղացիները կը գտնուին Ատրպէյճանի տարածքին եւ պէտք է հնազանդին ատրպէյճանական օրէնքներուն:
Ներքին Գործերու Նախարարարութեան խօսնակը ըսաւ, որ Արցախի իրաւապահ կառոյցները իրենց ունեցած տեղեկութիւնը փոխանցած են ռուս խաղաղապահներուն եւ զօրակազմին հետ կ’իրականացնեն ստուգումներ. «Քանի որ ռուսական զօրակազմն այստեղ է, եւ հիմնականում իրենց է վերապահուած անվտանգութիւնն այդ հատուածներում սահմանային, մենք միայն արձանագրում ենք, փաստահաւաք առաքելութիւն ենք իրականացնում, ունեցած տեղեկութիւնները տալիս ենք ռուսական զօրակազմին: Միւս հարցերով զբաղուելու են իրենք», յաւելեց ան:
Ռուս խաղաղապահ զօրակազմը առայժմ այս կրակոցներուն մասին ոչինչ հաղորդած է:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն տարածեց, որ այսօր նոյն ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են նաեւ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան Նախարարութեան փոխանցմամբ` հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով ատրպէյճանական ստորաբաժանումներուն կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէ տուժածներ չկան: Այս հաղորդումը եւս ատրպէյճանական կողմը հերքած է: