Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Կը Հրաժարի Զանգեզուրի Միջանցքի Մասին Հարց Քննարկելէ Ու Հրաժարած Է Ի Սկզբանէ. Էտուարտ Աղաճանեան

Հայաստան Կը Հրաժարի Զանգեզուրի Միջանցքի Մասին Հարց Քննարկելէ Ու Հրաժարած Է Ի Սկզբանէ. Էտուարտ Աղաճանեան

by MassisPost

Հայաստանի կողմէ բազմիցս նշուած է, որ Զանգեզուրի միջանցքի տրամաբանութիւնը որեւէ  կերպ ընդունելի չէ Հայաստանի համար, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնեց ՀՀ Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Մշտական Յանձնաժողովի նախագահ,  ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ ՀՀ ԱԺ պատուիրակութեան անդամ Էտուարտ Աղաճանեանը:

«Կարեւոր եմ համարում նշել, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահի ու  Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահի վերջին հանդիպման արդիւնքում, երբ Ատրպէյճանի նախագահը  համապատասխան յայտարարութեամբ է հանդէս եկել, այդ թւում`  նաեւ Զանգեզուրի միջանցքը յիշատակելով, ԵԽ նախագահի գրասենեակը հերքող յայտարարութեամբ է հանդէս եկել, որ նման բան չի քննարկուել», նշեց Աղաճանեան:

Անոր խօսքով` Ատրպէյճանի գործելակերպը չ’օգներ կամ խրախուսեր կառուցողական քննարկումները:

«Ցաւօք, մեր հարեւաններն առանձնանում են ոչ-պատշաճ կամ պայմանաւորուածութիւնները չպահող  գործելակերպով», նշեց ՀՀ Ազգային Ժողովի Արտաքին Յարաբերութիւններու Մշտական Յանձնաժողովի նախագահը:

Աղաճանեան վստահեցուց, որ Հայաստան կը հրաժարի  Զանգեզուրի միջանցքի մասին հարց քննարկելէ ու հրաժարած է ի սկզբանէ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հնարաւոր է յառաջիկային հանդիպին: Այս մասին յայտնեց  Էտուարտ Աղաճանեան, առանց յստակացնելու ժամկէտները:

«Այո, որքանով տեղեակ եմ նաեւ կան բանակցութիւններ, որ որոշ ժամանակ անց եւս պէտք է հանդիպում տեղի ունենայ երկրի ղեկավարների կողմից: Ժամկէտների առումով յստակ չեմ կարող ասել», ըսաւ Աղաճանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment