Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ֆրանսայի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Շարլ Ազնաւուրի Արձանը. Հայաստան Եւ Ֆրանսա Կը Նախապատրաստուին Աշխարհահռչակ Շանսոնյէի 100-Ամեակին

Ֆրանսայի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Շարլ Ազնաւուրի Արձանը. Հայաստան Եւ Ֆրանսա Կը Նախապատրաստուին Աշխարհահռչակ Շանսոնյէի 100-Ամեակին

by MassisPost

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան ընդունած է «Ազնաւուր» հիմնադրամի ներկայացուցիչները` հիմնադրամի տնօրէն Քրիսթինա Ազնաւուրի (Սարգիսեան) գլխաւորութեամբ:

ԿԳՄՄ նախարարութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպման նպատակն էր քննարկել  Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին (2024 թ.) նուիրուած միջոցառումներուն ծրագիրը, համագործակցութեան ուղիները:

Քրիսթինա Ազնաւուրի տեղեկացմամբ` ֆրանսական կողմը նախապատրաստական աշխատանքներու փուլին է. մինչեւ 2024 թուական Ֆրանսայի մէջ պիտի տեղադրուի Շարլ Ազնաւուրի արձանը, որուն նախագիծը արդէն պատրաստ է, կը նախատեսուի կայացնել մեծ մասշտաբով համերգ, բանալ Ազնաւուրի կենսագործունէութեա նուիրուած ցուցահանդէս: Երեւանի քաղաքապետարանին հետ քննարկման փուլին է Հայաստանի մէջ եւս Ազնաւուրի արձանը տեղադրելու հարցը:  «Ազնաւուր» հիմնադրամի տնօրէնը առաջարկած է բոլոր միջոցառումները կայացնել Ֆրանսայի հետ զուգահեռ, այդ շարքին` արձանի տեղադրումը:

ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան ողջունած է հիւրերը եւ ուրախութեամբ փաստած է, որ հայաստանեան կողմը սիրով պիտի համագործակցի հիմնադրամին հետ միջոցառումներու ծրագիրը իրականացնելով, եւ աշխարհահռչակ շանսոնյէին յոբելեանը Հայաստանի մէջ պիտի նշուի նոյնքան վառ, որքան Ֆրանսայի մէջ:

«Մենք պատասխանատու ենք, որ հայ-ֆրանսական օրակարգը որեւէ հարցում չտուժի», ըսած է Արթուր Մարտիրոսեանը:

Քննարկման ընթացքին կողմերը որոշած են յոբելեանի շրջանակին մէջ ստեղծել միջգերատեսչական յանձնաժողով` համակարգելու յոբելենական միջոցառումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment