Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2021-2022 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսներ Եւ 37-րդ Հունձքի Եւ Վկայականներու Բաշխում

Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2021-2022 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսներ Եւ 37-րդ Հունձքի Եւ Վկայականներու Բաշխում

by MassisPost

2021-2022 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին: Հայ Քոյրերու Վարժարանը «Դանիէլեան» սրահին մէջ երեք հանդէսներով նշեց այս տարեշրջանի աւարտը` նախամանկապարտէզի, մանկապարտէզի եւ 8-րդ` աւարտական կարգի աշակերտներուն համար:

Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Յունիսի երեկոյեան, նախամանկապարտէզի 32 սիրասուն երեխաներ 45 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագրով մը հանդէս եկան փունջ մը երգերով եւ ասմունքով. «Small Word», «Հայ Մանուկ», «Friends», «Come to the party», «Մանկապարտէզում», «Մայրիկիս» եւ «Հայրիկ Սիրուն»:

Յայտագիրը իր ճոխութեան գագաթնակէտին հասաւ հայկական շարք մը պարերով: Նախամանկապարտէզի տնօրնէուհին Տիկ. Գարին Փիլաւեան սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ մանուկներու աճման հիմքը կը դրուի այս փոքր հասակին:

Օրուան յայտագիրը փակեց վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն:

Կիրակի, 19 Յունիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ 8-րդ կարգի ամավերջի եւ վկայականներու բաշխան հանդիսութիւնը:

Վարժարանիս տնօրէն Դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ շնորհակալութիւն յայտնեց Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրերուն, որոնք աշակերտները կը ներշնչեն ապրելու բարոյականութեամբ հարուստ կեանք մը, հիմնուած կարգ ու կանոնի, մարդկութեան հանդէպ սիրոյ վրայ: Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութին յայտնեց ծնողներուն, որոնք կը համագործակցին ու կ’աջակցին ուսուցիչներուն եւ ամբողջ անձնակազմին: Դոկտ. Թէյէզ շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք անսահման նուիրումով ե’ւ օգնեցին աշակերտներուն, ե’ւ ուսուցանեցին, ե’ւ սիրեցին զանոնք: Ան իր խօսքի աւարտին յաջողութիւն մաղթեց աշակերտներուն եւ նշեց, որ յոյս ունի լսելու անոնց աւելի բարձր վկայականներուն մասին:

Այնուհետեւ, հայերէնով սրտի խօսք փոխանցեց փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան: “Ճանչցէք ձեր կարողութիւնները, զարգացուցէք զանոնք, ամրապնդեցէք եւ զանոնք դարձուցէք այն ամուր քարը, որուն վրայ պիտի կերտէք ձեր ապագան: Եւ ես վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ քալելով պիտի հասնիք ձեր բոլոր նպատակներուն, եւ մենք ապագային առիթը պիտի ունենանք ուրախանալու եւ հպարտանալու, որ օր մը բոլորդ եղած էք Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտներ», ըսաւ ան: Տիկ Պոյաճեան խնդրեց իւրքանչիւրէն, որ հայերէնը դարձնեն իրենց ամէնօրեայ լեզուն, “որովհետեւ առանց մեզմէ ամէն մէկուն ջանքին, զանոնք պահելը դժուար պիտի ըլլայ: Եւ ապագային հայ ընտանիքներ կազմեցէք, հայ զաւակներ դաստիարակեցէք, որպէսզի հայրենիքէն հեռու այս ափերուն մէջ հայը հայ մնայ: Ինչպէս որ ձեր ծնողները, որոնց շնորհակալ ենք, ձեզ ուղարկեցին հայկական վարժարան, դուք ալ հետեւեցէք իրենց օրինակինե, ըսաւ փոխտնօրէնուհին:

8-րդ դասարանի խօսք անգլերէնով փոխանցեց Էմմա Մարկոսեան, իսկ Արին Քարազեան` հայերէնով: Անոնք երկուքն ալ իրենց երախտագիտական խօսքերը փոխանցեցին թէ° իրենց ուսուցիչներուն եւ թէ’ իրենց ծնողներուն:

Յայտագրին ընթացքին աւարտական աշակերտները ներկայացուցին “Կիլիկիա», “Ուխտ Արարատին» եւ “The Road Not Taken»:

Հիւր բանախօսն էր վարժարանիս 2006-ի շրջանաւարտ Տոքթ. Հայկ Այնթէպլեան, որ փայլուն անուն մըն է գիտութեան աշխարհին մէջ: Ան, մէջբերելով իր անձնական փորձառութենէն, ըսաւ որ մարդ ինչքան ալ բարձրագոյն ուսումնարաններ յաճախէ, անպայման մեծ սիրով կը յիշէ իր մանկութեան, իր առաջին քայլերուն մէջ իր ձեռքը բռնած եւ ճամբայ ցոյց տուած վարժարանը:

Վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու Քոյր Լուիզա Գասարճեան իր սրտի խօսքը արտայայտելով ըսաւ. որ վարժարանը միշտ եղած է այն աստղը, որ կը լուսաւորէ միտքերը, կ’ուղղէ սրտերը դէպի լաւին եւ կը ներշնչէ հաւատք, յոյս ու սէր, այն երեք առաքինութիւնները, որոնք հիմը կը կազմեն կեանքի արժէքներուն: Քոյր Լուիզա նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցչական կազմին, իրենց տածած սիրոյն հանդէպ այս մանուկներուն եւ պատանիներուն, անոնց անսահման համբերութեան բոլոր տարուայ ընթացքին Աւարտին տեղի ունեցաւ պարգեւատրում, որուն յաջորդեց վկայականներու բաշխումը 15 շրջանաւարտներու:

Իսկ Ուրբաթ, 24 Յունիսին, ուսուցչուհիներ Տիկ. Թամար Հանտեանի, Օրիորդ Այանա Համամճեանի եւ Տիկ. Կարինէ Տէր Գէորգեանի պատրաստութեամբ կոկիկ հանդիսութեամբ մը մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին ասմունք, պարեր ու երգեր, Հայ աշակերտին ուխտը արտասանելով, աշակերտները խոստում տուին սիրել հայրըենիքն ու եկեղեցին եւ հպարտ ըլլալ հայ ըլլալու համար: Անոնք այս հանդիսութեամբ հրաժեշտ տուին իրենց դպրոցական առաջին մանկական աշխարհին` որպէզի յառաջիկայ տարի անցնին նախակրթարան եւ դառնան Ա. դասարանի աշակերտներ:

***

Վարձքը կատար, Հայ Քոյրերու Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնց տքնաջան ու նուիրուած աշխատանքին արգասիքն էին երեք հանդիսութիւններով, որոնցմով եզրափակուեցաւ 2021-2022 տարեշրջանը` դիմաւորելու համար յառաջիկայ նոր ու խոստմնալից տարեշրջաններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment