Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հանդիպած Են Նիկոլ Փաշինեանն Ու Վիթալի Սաւելեւը

Հանդիպած Են Նիկոլ Փաշինեանն Ու Վիթալի Սաւելեւը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխադրութեան նախարար Վիթալի Սաւելեւը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը գոհունակութեամբ նշած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուող աշխուժութիւնը` ի դէմս պաշտօնական յաճախակի այցերու, որոնք կ’ընդգծեն երկկողմ կապերու առանձնայատուկ բնոյթը: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է բոլոր ուղղութիւններով, այդ շարքին` փոխադրութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութիւնը եւ նաեւ բարձր գնահատած է ռուսական կողմի ջանքերն ու գործնական արձագանգը Վերին Լարսի անցակէտին մէջ յառաջացող ճգնաժամային իրավիճակներու կարգաւորման ուղղութեամբ:

Վիթալի Սաւելեւը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցած է Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի ջերմ ողջոյնները եւ արդիւնաւէտ գնահատած է ՀՀ գործընկեր գերատեսչութիւններու հետ աշխատանքը: Ան նշած է, որ Ռուսիան հետաքրքրուած է զարգացնելու  Հայաստանի  հետ բարեկամական, եղբայրական գործընկերութիւնն ու փոխշահաւէտ ծրագրերը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են փոխադրութեան եւ լոճիսթիքի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան շուրջ: Անդրադարձ եղած է օդային ու ցամաքային հաղորդակցութեան, հանրային փոխադրութեան ենթակառուցուածքին, երկուստեք կարեւորուած է փորձի փոխանակումն ու միջգերատեսչական աշխոյժ աշխատանքը այս ուղղութիւններով: Նշուած է, որ ճանապարհային հաղորդակցութեան զարգացումը պիտի նպաստէ երկկողմ  ուղեւորափոխադրումներու եւ բեռնափոխադրումներու ծաւալի աճին, պիտի աշխուժացնէ տնտեսական շփումները, զբօսաշրջային կապերը:

Նիկոլ Փաշինեան խնդրած է իր ողջոյնները փոխանցել Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment