Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամէն. Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին նուիրած է հայկական յախճապակիէ պատրաստուած պնակ եւ նուռ: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:
Աւելի վաղ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը յայտնած էր, որ ԱՄՆ նախագահը այցելած է Բեթղեհէմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցի եւ հանդիպած՝ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին հետ:
Պատրիարք սրբազանը Պայտընի հետ ունեցած առանձնազրոյցին ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար եւ քննարկած են այլ թեմաներ: