Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանը Մեկնաբանած Է Փաշինեան-Էրտողան Հեռախօսազրոյցը

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանը Մեկնաբանած Է Փաշինեան-Էրտողան Հեռախօսազրոյցը

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանը ուղերձ հրապարակած եւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը բարեկամութեան նոր էջ կը բանայ թուրք-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ:

Մաշալեանի ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Թուրքիոյ նախագահ պարոն Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ պարոն Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը տօնական նուէր մըն էր, որ վերստին բորբոքեց պատերազմի լուրերով պատուած մեր աշխարհի խաղաղութեան յոյսերը: Ես կ՛աղօթեմ, որ յաղթեն դիւանագիտութեան խաղաղ մեթոտները, ոչ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը: Յոյսով եմ, որ այս հեռախօսազրոյցը կ՚օգնէ թուրք-հայկական հազարամեայ յարաբերութիւններուն մէջ բարեկամութեան նոր էջ բանալուն»:

Փաշինեան-էրտողան հեռախօսազրոյցին անդրադարձած  է նաեւ Թուրքիոյ մեճլիսի մեր հայրենակից պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: Թուիթըրի իր էջով ան գրած է. «Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը յուսամ պիտի արագացնէ երկու երկիրներու միջեւ ընթացող բնականոնացման գործընթացը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment