Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւան Կ’ակնկալէ Յառաջիկայ Ամիսներուն Կեանքի Կոչել Ձեռք Բերուած Հայ-Թրքական Պայմանաւորածութիւնները

Երեւան Կ’ակնկալէ Յառաջիկայ Ամիսներուն Կեանքի Կոչել Ձեռք Բերուած Հայ-Թրքական Պայմանաւորածութիւնները

by MassisPost

Փաշինեան-էրտողան երէկուան հեռախօսազրոյցէն յետոյ պաշտօնական Երեւանը կը յայտարարէ, թէ կ’ակնկալէ շատ կարճ ժամանակի մէջ` յառաջիկայ ամիսներուն արդէն կեանքի կոչել ձեռք բերուած պայմանաւորածութիւնները` երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար բանալ ցամաքային սահմանը, Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներ մեկնարկել: Բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի փոխանցմամբ` նախապատրաստական երկկողմանի գործընթաց դեռ չկայ, բայց շուտով պիտի մեկնարկելէ:

«Սրանք, բնականաբար, դրական պայմանաւորուածութիւններ են, բայց այսպիսի բարդ գործընթացներում ամենակարեւոր բաներից մէկը առաջին պայմանաւորուածութիւններն արագ իրագործելն է: Եթէ դրանք արագ իրագործւում են, դա մեծապէս օգնում է վստահութեան ամրապնդմանը, եթէ չեն իրագործւում, հակառակը` շատ խաթարում է այդ վստահութիւնը: Եւ ես յոյս ունեմ, որ շատ արագ այդ պայմանաւորուածութիւնները կ’իրագործուեն», նշեց Ազգային Ժողովի փոխխօսնակը:

Էրտողանն ու Փաշինեանը հեռախօսազրոյցին մէջ ակնկալիք յայտնած են, որ այս պայմանաւորուածութիւնները շուտ կ’իրագործուին: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու` աւելի քան մէկ տասնամեակի դադարէն յետոյ հեռախօսազրոյցին մէջ, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններու, ընդգծուած է յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Ռուբէն Ռուբինեանի խօսքով` հեռախօսազրոյցը կայացած է առանց այլ երկիրներու միջնորդութեան, Փաշինեան-էրտողան հանդիպման պայմանաւորուածութիւն չկայ:

Սահմանը բանալու եւ օդային բեռնափոխադրումներ սկսելու տեխնիկական մանրամասները Հայաստանը դեռ չի հրապարակեր, թէ սահմանի ո՞ր հատուածը պիտի գործէ, արդեօ՞ք ռուսերը պիտի հսկեն գործընթացը: Ռուբինեան տրամաբանական կը համարէ գործի սովորական սահմանային կարգ` անձնագրային անցակէտով, մաքսային վարչարարութեամբ. «Բոլոր տեխնիկական մանրամասները պէտք է քննարկուեն երկու երկրների գերատեսչութիւնների հմապատասխան ներկայացուցիչների կողմից եւ միջեւ»:

Ինչ կը վերաբերի ակնկալուող հետագայ քայլերուն` բանալ սահմանը, հաստատել դիւանգիտական յարաբերութիւններ, Հայաստանը այստեղ Թուրքիոյ քաղաքական կամքը կը կարեւորէ. «Հայաստանը պատրաստ է հէնց վաղը ունենալ բաց սահմաններ Թուրքիայի հետ եւ ունենալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ Թուրքիայի հետ, հէնց վաղը: Եթէ դա տեղի չի ունենում վաղը, եւ եթէ Հայաստանը պատրաստ է դրան, դա նշանակում է, որ դրա իրագործումը կախուած է Թուրքիայի քաղաքական կամքից այս պահին, որովհետեւ Հայաստանն ակնյայտօրէն այդ քաղաքական կամքն ունի»:

«Ազատութեան» հարցին` Թուրքիոյ քաղաքական կամքը չկա՞յ, արձագանգեց. «Յամենայն դէպս, չկան նախանշաններ պնդելու, որ այսօր երեկոյեան սահմանը բացուելու է»:

Վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական աղբիւրները` ռուսական պետական «Ռիայ Նովոսթի» գործակալութիւնը գրած է, որ Թուրքիան Հայաստանի պատասխանին կը սպասէ` յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը Երեւանի կամ Անգարայի մէջ կայացնելու վերաբերեալ: Աւելի առաջ ալ, արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն անտրամաբանական համարած էր, որ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը երրորդ երկիրներու` Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ կը բանակցին, միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանը դեռ պատրաստ չէ հիւրընկալող ձեւաչափով հանդիպումներու` ներքին ճնշման պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment