Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեանը ուղերձ հրապարակած եւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հեռախօսազրոյցը բարեկամութեան նոր էջ կը բանայ թուրք-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ:
Մաշալեանի ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Թուրքիոյ նախագահ պարոն Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ պարոն Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը տօնական նուէր մըն էր, որ վերստին բորբոքեց պատերազմի լուրերով պատուած մեր աշխարհի խաղաղութեան յոյսերը: Ես կ՛աղօթեմ, որ յաղթեն դիւանագիտութեան խաղաղ մեթոտները, ոչ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը: Յոյսով եմ, որ այս հեռախօսազրոյցը կ՚օգնէ թուրք-հայկական հազարամեայ յարաբերութիւններուն մէջ բարեկամութեան նոր էջ բանալուն»:
Փաշինեան-էրտողան հեռախօսազրոյցին անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ մեճլիսի մեր հայրենակից պատգամաւոր Կարօ Փայլանը: Թուիթըրի իր էջով ան գրած է. «Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային զրոյցը յուսամ պիտի արագացնէ երկու երկիրներու միջեւ ընթացող բնականոնացման գործընթացը»: