Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տարօն Մարգարեանն Ու Անոր Ընտանիքի Անդամները Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Գործով Կանչուած Են Դատախազութիւն. Մարգարեանը «Մտածելու Բան Ունի»

Տարօն Մարգարեանն Ու Անոր Ընտանիքի Անդամները Ապօրինի Գոյքի Բռնագանձման Գործով Կանչուած Են Դատախազութիւն. Մարգարեանը «Մտածելու Բան Ունի»

by MassisPost

ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը ծանուցագրեր ուղարկած է Երեւանի նախկին քաղաքապետ, ԱԺ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր  Տարօն Մարգարեանին եւ անոր փոխկապակցուած շահագրգիռ անձերու, մասնաւորապէս անոր կնոջ` Գոհար Սարգսեան/Մարգարեանին, մօրը` Սուսաննա Մարգարեան/Պօղոսեանին, ինչպէս նաեւ որդիներուն՝ Նահապետ եւ Անդրանիկ Մարգարեաններուն: Սոյն գործով որպէս շահագրգիռ անձեր ծանուցագրեր ուղարկուած են  նաեւ Կարինէ Մարգարեան/Պետրոսեանին եւ Աստղիկ Մարգարեան/Ուլիխանեանին:  Յիշեալ անձեր, ըստ ծանուցագրերուն, պէտք է Յուլիս 14-ին, ըստ ծանուցագրերուն մէջ նշուած ժամերու,  ներկայանան ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն:

Նշենք, որ 2013 թուականին Երեւանի քաղաքապետ ընտրուելէ յետոյ, երբ արդէն քաղաքապետի պաշտօնին պաշտօնավարած Մարգարեանը  ներկայացուց իր գոյքի եւ եկամուտներու յայտարարագիրը,  հասարակութիւնը ապշահար էր վերջինիս  ահռելի ունեցուածքի փաստէն: «Մտածելու բան ունեն նրանք, ովքեր ազնուօրէն չեն յայտարարագրել իրենց ունեցուածքը», յայտարարած էր «ազնիւ եղանակով», «հալալ քրտինքով»  հարստացած Տարօն Մարգարեանը:

2017 թուականին ալ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներով դարձեալ քաղաքապետ դարձած Մարգարեանի յայտարարագիրը, մեղմ ըսած, համեստներէն չէր. երկու բնակարան, մէկ անհատական բնակելի տուն, մէկ ամառանոց, երկու ինքնաշարժի տնակ, մէկ հասարակական նշանակութեան շինութիւն, մէկ արտադրական նշանակութեան շինութիւն, 250 միլիոն ՀՀ դրամ, 45 հազար տոլար, 50 հազար եւրօ  եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment