Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զօրակոչէն Տարկէտման Իրաւունքէն Օգտուողները Այսուհետեւ Գործարք Պիտի Կնքեն Պետութեան Հետ. Փաշինեան

Զօրակոչէն Տարկէտման Իրաւունքէն Օգտուողները Այսուհետեւ Գործարք Պիտի Կնքեն Պետութեան Հետ. Փաշինեան

by MassisPost

Յաջորդ տարուընէ դպրոցը աւարտող տղաները հնարաւորութիւն պիտի ունենան որոշակի մասնագիտութիւններ ընտրելու պարագային տարկէտման իրաւունք ստանալու եւ չընդհատելու կրթութիւնը բանակ մեկնելու համար:

Գործադիրը երէկուան նիստին հաւանութիւն տուեց Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանի ներկայացուցած «Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու նախագիծին, որ դեռ պէտք է ներկայացուի խորհրդարան:

«Այս փոփոխութեամբ մենք լիազօրում ենք կառավարութեանը, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ տրամադրել տեղեր եւ նշել, թէ որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների մասին է գնում խօսքը», ըսաւ Տումանեան:

Վարչապետ Փաշինեան իր խօսքին մէջ եւս ընդգծեց, որ կառավարութեան ծրագրի եւ գործունէութեան առաջնահերթութիւններէն կախեալ, պետութիւնը ամէն տարի պիտի որոշէ տնտեսագէտի, գիւղատնտեսի, թէ ֆիզիքոսի կարիք ունի:

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ, սակայն, առանձին ուշադրութիւն դարձուած էր բնագիտական եւ ճարտարագիտական ուղղութիւններուն: Վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ տարկէտման իրաւունքէն օգտուողները այսուհետեւ նաեւ գործարք պիտի կնքեն պետութեան հետ. «Մենք նախորդ շրջանի փորձից գիտենք, որ շատերը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն ընդունւում էին ոչ թէ այդ հաստատութիւն ընդունուելու կամ կրթութեան նկատառումներով, այլ տարկէտման իրաւունքից օգտուելու նկատառումներով: Իւրաքանչիւր դիմորդ, ով այդ տեղին յաւակնի, պիտի իմանայ պետութեան, կառավարութեան հետ յառաջիկայ, ենթադրենք եօթը, ութ, տասը տարիների յարաբերութիւնները եւ որոշակի պարտաւորութիւններ ստանձնի, եւ մենք պէտք է նաեւ ունենանք մեխանիզմներ` այդ պարտաւորութիւնների կատարմանը հետեւելու»:

2017 թուականին «Զինուորական ծառայութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելէ յետոյ տարկէտման իրաւունքէն կ’օգտւուին միայն մրցոյթներու մրցանակակիրները, այդ հնարաւորութիւնը կը տրուի նաեւ օտարերկրեայ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանողներուն: Նախարարին խօսքով, վերջին քանի մը տարիներու փորձը ցոյց կու տայ, որ սա չի նպաստեր հայաստանեան բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու կրթութեան որակի բարելաւման:

Նոր նախագիծով կառավարութիւնը եւս մէկ առաջարկ ունի, աւելի տեխնիկական բնոյթի` երկարաձգել կրթութեան հիմքով տարկէտում ստացած քաղաքացիներու բանակ զօրակոչի տարիքային շեմը` գործող 27-ի փոխարէն սահմանելով 28 տարեկանը: Բանն այն է, որ 12-ամեայ կրթութիւնը կ’աւարտի 18-19 տարեկանին, եւ թեկնածուն երրորդ տարուայ ուսումնառութեան կէսէն ստիպուած է զօրակոչուիլ բանակ: Պաշտօնեաները այսօր հակուած են չընդհատելու կրթութեան շարունակականութիւնը եւ տարկէտում ստացած երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տալու ամբողջութեամբ նուիրուելու գիտութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment