Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Թրքական Սահմանի Բացման Գնդակը Կը Շարունակէ Մնալ Թրքական Կողմին Մօտ

Հայ-Թրքական Սահմանի Բացման Գնդակը Կը Շարունակէ Մնալ Թրքական Կողմին Մօտ

by MassisPost

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով  նշանակուած բանագնացներու Վիեննայի մէջ կայացած չորրորդ հանդիպումի աւարտին յայտարարուեցաւ թէ,  կողմերը համաձայնած են բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար` ամենակարճ ժամկէտներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ, վերսկսիլ Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումները:

Այս յայտարարութիւնը որոշ չափով անակնկալ էր, նկատի առնելով որ, նախ քան այս վերջին հանդիպումը, Հայկական կողմը լաւատես չէր ընթացող բանակցութիւններուն կապակցութեամբ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ շատ զգուշաւոր էր ընթացող բանակցութիւններէն իր ակնկալիքներուն վերաբերեալ, յիշեցնելով նախկին փորձը, երբ կողմերուն միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը անգամ մնաց չիրագործուած: Հայկական կողմի բանագնաց` Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան նախքան Վիեննա իր մեկնիլը  տարօրինակ գտաւ Թուրքիոյ տարբեր պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները այն մասին, որ իրենք գործընթացը կը համաձայնեցնեն Ատրպէյճանի հետ:

«Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի մեկնարկից ի վեր Հայաստանը շատ կառուցողական է եղել: Հայաստանն ունի քաղաքական կամք եւ ցուցադրել է այդ կամքը` արագ կարգաւորման հասնելու: Գործընթացի յաջողութիւնը կախուած է Թուրքիայի համապատասխան կառուցողականութիւնից եւ քաղաքական կամքից: Ինչպէս տեսնում էք` մինչեւ այս պահն առանձնապէս մեծ յառաջընթաց չկայ, դա տեսանելի է», ըսաւ Ռուբինեան:

Ինչպէս յայտնի է Թուրքիա-Հայաստան սահմանը փակ կը մնայ 1993 թուականէն սկսեալ` թրքական կողմի որոշումով:  Այդ թուականէն ասդին, Անգարան սահմանի բացման համար  նախապայման կը նկատէր`  Ատրպէյճանի «գրաւեալ տարածքներու» վերադարձը:

Եւրոպական կառոյցները եւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգները Անգարայի մօտ յաճախ կը բարձրացնէին Հայաստանի հետ սահմանը բանալու հարցը: Անոնք նաեւ կը քաջալերէին Երեւանը« որպէսզի փորձ մը եւս ընէ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները նորմալացնելու ուղղութեամբ: Երկու երկիրները ընդառաջելով այդ կոչերուն` համաձայնեցան բանակցութիւններ վարել առանց նախապայմաններու, որ Հայաստանի միակ առաջարկն էր:

Հակառակ այդ սկզբունքին շուրջ հնչող երկուստեք հաւաստիացումներուն, Թուրք պաշտօնեաները անդադար կը խօսին Պաքուի պահանջը հանդիսացող «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, իսկ հայկական կողմը կը պնդէ որ, օրակարգի վրայ նման հարց գոյութիւն չունի: Քննարկելի է միայն ճանապարհներու եւ հաղորդակցութեանց ալ միջոցներու երկուստեք բացումը:

Այս բոլորը նկատի առած է որ, հայկական կողմը սկսած էր հրապարակաւ կասկած յայտնել Անգարայի անկեղծութեան մասին: Թէ ինչո՞ւ Անգարա մէկ անգամէն «կակուղցուցած» է իր դիրքը, կը մնայ հարցական: Մէկ բան նշմարելի է որ, այդ որոշումը կը յաջորդէր ՆԱԹՕ-ի վերջին գագաթի ժողովին առընթեր տեղի ունեցած Պայտըն-Էրտողան առանձին հանդիպումին:

Ի՞նչ կը վերաբերի բուն որոշումին, այն կիսաքայլ մըն է, որ չի կրնար   ոգեւորութիւն յառաջացնել Հայաստանի կառավարական շրջանակներուն մօտ: Հայաստան-Թուրքիա ուղիղ օդային բեռնափոխադրումներու վերսկսումը  մեծ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Սահմանի մասնակի բացումը կրնայ որոշ չափով նպաստել որպէսզի օտարերկրացի զբօսաշրջիկները Թուրքիայէն ետք այցելելէ նաեւ Հայաստան: Իսկ այն սփիւռքահայերը, որոնք կը փափաքին Հայաստանէն մեկնիլ Արեւմտեան Հայաստան, կրնան այդ ուխտագնացութիւնը կատարել, առանց Վրաստան մուտք գործելու:

Թէեւ կը խօսուի այս վերջին որոշումները կեանքի կոչել` կարճ ժամկէտներու ընթացքին, սակայն մեկնելով անցեալի փորձէն թուրքիա դարձեալ կրնայ ձգձգել այդ քայլի իրականացումը, շարունակելով Հայաստանի հետ «գործընթացները համաձայնեցնել Ատրպէյճանի հետ», որ դէմ է Հայ-թրքական որեւէ տեսակի մերձեցման: Հայաստան ցոյց տուած է իր բարի կամեցողութիւնը, սակայն պատրաստ չէ ոչ իրատեսական զիջումներու: Հետեւաբար, Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման  գնդակը կը շարունակէ մնալ թրքական Կողմին Մօտ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment