Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկեան Մեծ Align Technology Ընկերութիւնը Երեւանի Մէջ Գրասենեակ Բացած Է

Ամերիկեան Մեծ Align Technology Ընկերութիւնը Երեւանի Մէջ Գրասենեակ Բացած Է

by MassisPost

Ատամնաուղղութեան մէջ օգտագործուող թուային 3D սքանըրներու եւ թափանցիկ Invisalign հարթեցնող սարքերոգ արտադրութեամբ զբաղող ամերիկեան մեծ Align Technology ընկերութիւնը գրասենեակ բացած է Երեւանի մէջ:

Ընկերութիւնը կը զարգացնէ բժշկական արհեստագիտութիւնները` նորարարական լուծումներ օգտագործելով: Align Technology-ի ամբողջ համիւը կը կազմէ 19,5 միլիառ տոլար, ունի մօտ 22.500 աշխատակից աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Ընկերութիւնը իր աշխատակիցներուն մէկ մասը Մոսկուայէն տեղափոխած է Երեւան, սակայն ընկերութեան նոր գրասենեակին մէջ կայ 32 թափուր աշխատատեղի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment