Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պէտք Է Դադրեցնէ Ռազմական Օգնութեան Տրամադրումը Ատրպէյճանին. Հայկական Հարցերով Յանձնախումբի Անդամ Պրետ Շերման

ԱՄՆ Պէտք Է Դադրեցնէ Ռազմական Օգնութեան Տրամադրումը Ատրպէյճանին. Հայկական Հարցերով Յանձնախումբի Անդամ Պրետ Շերման

by MassisPost

ԱՄՆ վարչակազմը կրկին վերահաստատած է Ատրպէյճանին ուղիղ ռազմական օգնութիւնը արգելակող ազատութեան աջակցման 907 բանաձեւի շրջանցումը: Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի անդամ, հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամ Պրետ Շերման «Ամերիկայի Ձայն»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ որոշման հետ:

«Մենք պէտք չէ հրաժարինք 907 բանաձեւէն եւ որեւէ օգնութիւն ցուցաբերենք նաւթով հարուստ Ատրպէյճանին, որ սանձազերծած է պատերազմը: Օգնութիւնը, որ մենք կը տրամադրենք մեծ չէ, բայց կը կարծեմ, որ այն կարեւոր է դիւանագիտական առումով, ուստի անոր տրամադրումը պէտք է դադրեցուի», ըսած է գոնկրէսականը:

Անոր կարծիքով, Արցախի մէջ մարդասիրական ծրագրերու համար ամերիկեան օգնութիւնը պէտք է մեծցուի, իսկ Հայաստանին հնարաւորութիւն ընձեռուի կրկին ընդգրկուելու «Հազարամեակի Մարտահրաւէր» ծրագրին մէջ:

«Համաշխարհային դրամատունը Հայաստանը դասած է միջինէն բարձր եկամուտ ունեցողներու շարքին: Ես կը փափաքէի, որ այդ այդպէս ըլլար, բայց պէտք է հաշուի առնենք սարսափելի պատերազմին, Քովիտի համաճարակին տնտեսական հետեւանքները», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment