Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ժողովրդավարութեան Աջակցութեան Ազգային Հիմնադրամի Նախագահը

Վարչապետ Փաշինեան Ընդունած Է Ժողովրդավարութեան Աջակցութեան Ազգային Հիմնադրամի Նախագահը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան փորձագէտ եւ Ժողովրդավարութեան Աջակցութեան Ազգային Հիմնադրամի նախագահ Տէյմըն Ուիլսընը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ ժողովրդավարութեան զարգացումն ու ամրապնդումը Հայաստանի կառավարութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկն է եւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կ’իրականացուին շարք մը ոլորտներու մէջ: Այս ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԱՄՆ եւ միջազգային այլ գործընկերներու օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման գործին մէջ:

Տէյմըն Ուիլսըն նշած է Ժողովրդավարութեան Աջակցութեան Ազգային Հիմնադրամի յանձնառութիւնը` սերտօրէն համագործակցելու հայաստանեան տարբեր կառոյցներու հետ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment