Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ընդունած Է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ընդունած Է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պատուիրակութիւնը

by MassisPost

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը: Նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ բարձր գնահատած է կազմակերպութեան բազմաշերտ գործունէութիւնը բարեգործական եւ մարդասիրական ոլորտներուն մէջ:

Պատուիրակները շնորհակալութիւն յայտնած են նախագահ Խաչատուրեանին հիւրընկալութեան համար եւ ներկայացուցած են կազմակերպութեան կողմէ իրականցուող եւ յառաջիկային նախատեսուած ծրագրերը:

Երկուստեք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է համադրելու ջանքերը մարդասիրական եւ բարեգործական տարբեր խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment