ՀՀ Ազգային Ժողովը ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը ետ կանչեց ԱԺ նախագահի տեղակալի պաշտօնէն, նաեւ դադրեցուց Վահէ Յակոբեանի լիազօրութիւնները` որպէս Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ:
ԱԺ արտահերթ նիստին ինչպէս այդ հարցերու քննարկման, այնպէս ալ քուէարկութեան չեն մասնակցած երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորը:
ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանե ԱԺ նախագահի տեղակալի պաշտօնէն ետ կանչելու վերաբերեալ եւ պատգամաւոր Վահէ Յակոբեանի` որպէս Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի լիազօրութիւններու դադրեցման մասին որոշման նախագիծերու հարցով փակ, գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքները յայտնեց Հաշուիչ Յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Պապայեանը, 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած է 66 պատգամաւոր, որոնք բոլորը երկու պարագաներուն ալ կողմ քուէարկած էին:
Նախագիծերը ներկայացուցած էր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Արուսեակ Ջուլհակեանը, հիմնաւորելով ընդդիմադիրները պաշտօններէն հեռացնելու իրենց նախաձեռնութիւնը, մասնաւորապէս նշած էր, որ Իշխան Սաղաթէլեանը ձախողած է կատարել ԱԺ փոխնախագահի իր լիազօրութիւնները: Իշխան Սաղաթէլեանը 2022 թուականի Յունուար 17-էն Յունիս 29 ներառեալ, այսինքն` 2022 թուականի առաջին օրացոյցային կիսամեակի նիստերու թիւով 342 քուէարկութիւններէն ունեցած է 198 բացակայ: 8-րդ գումարման ԱԺ Խորհուրդը իր ձեւաւորման պահէն գումարած է թիւով 25 նիստ, Իշխան Սաղաթէլեանը միայն 7-ին ներկայ եղած է: «Այսպիսով, թէ՛ ԱԺ լիագումար նիստերից, թէ՛ Խորհրդի նիստերից յաճախակի բացակայութիւնների պատճառով Իշխան Սաղաթէլեանը չի կատարել իր անմիջական պարտականութիւնները», նշած էր Ջուլհակեանը:
Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Ծովինար Վարդանեանը, հիմնաւորելով Վահէ Յակոբեանի` որպէս Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի լիազօրութիւններու դադրեցման իրենց նախաձեռնութիւնը, նշած էր, որ 8-րդ գումարման առաջին օրացոյցային կիսամեակի ընդհանուր 342 քուէարկութիւններէն Վահէ Յակոբեանը չէ մասնակցած 194-ին, ԱԺ 8-րդ գումարման ընթացքին հրաւիրուած 25 Խորհուրդի նիստերէն բացակայած է 20 անգամ: ԱԺ-ն 8-րդ գումարման ընթացքին ընդունած է 253 օրէնք, որոնցմէ 83-ին համար գլխադասային եղած է Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովը: ԱԺ 8-րդ գումարման ընթացքին ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովը կազմակերպած է 27 հերթական եւ արտահերթ նիստեր, նախագահ Վահէ Յակոբեանը նիստերու նախապատրաստման, կազմակերպման աշխատանքներուն չէ մասնակցած, չէ նախագահած թիւով 11 նիստ: Քարտուղարութեան յանձնուող վերոնշեալ թիւով նիստերու օրակարգերը եւ արձանագրութիւնները անոր կողմէ չեն ստորագրուած, յանձնաժողովի ընդունարանը պարբերաբար փակ եղած է, իսկ զանգերը մնացած են անպատասխան:
Իշխանական պատգամաւորները յայտնած էին, որ ՔՊ-ն հետագային մտադիր է ԱԺ փոխնախագահ եւ Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրել ընդդիմադիրներ, որոնք յաւուր պատշաճի կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները: