Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Պաքուն կը դատապարտէ Հայաստանի Զինուած Ուժերու բարձրաստիճան զինուորականին յայտարարութիւնը:

Պաշտօնական Պաքուն կը դատապարտէ Հայաստանի Զինուած Ուժերու բարձրաստիճան զինուորականին յայտարարութիւնը:

by MassisPost

ՀՀ Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի անձնակազմի կառավարման գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ, գնդապետ Սահակ Սահակեանը նախօրէին Երեւանի մէջ զօրակոչի ժամանակ յայտարարած է, որ որոշում կայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միայն պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն անցընելու մասին: Բարձրաստիճան զինուորականին խօսքով` Արցախի մէջ ծառայութեան գրաւչութեան համար փաթեթ մշակուած է, որ պայմանագրայինները մեկնին ծառայութեան, ընդ որում, ինչպէս կը շեշտէր Սահակեանը, խօսքը հիմնականին մէջ ղարաբաղցիներու մասին է:

«Հայաստանի պաշտօնական անձերու այդ յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ խաղաղութեան մասին հայկական կողմին խօսքերը ոչ այլ ինչ են, քան երկերեսանիութիւն», յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Լէյլա Ապտուլաեւան` պնդելով, որ այդպիսով հայկական կողմը կը խախտէ եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները:

«Մինչ ատրպէյճանական կողմը քայլերու կը ձեռնարկէ յետհակամարտային շրջանին յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ, հայկական կողմի նման վերաբերմունքը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ անոր շահագրգռուածութիւնը ոչ թէ խաղաղութիւնը վերականգնելու, այլ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու համար», ըսած է Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment