Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Ազգային Ժողովի Նախագահին` Ընդդիմութիւնը Զբաղած Է Պաշտօնակռիւով. ՔՊ-ն Մօտ Օրերս Պիտի Քննարկէ Մանտաթներէն Զրկելու Հարցը

Ըստ Ազգային Ժողովի Նախագահին` Ընդդիմութիւնը Զբաղած Է Պաշտօնակռիւով. ՔՊ-ն Մօտ Օրերս Պիտի Քննարկէ Մանտաթներէն Զրկելու Հարցը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը մօտ օրերս պիտի քննարկր նիստերէն բացակայող ընդդիմադիր պատգամաւորները մանտաթներէն զրկելու հարցը:  Այս մասին ըսաւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին:

«Մօտ օրերս խմբակցութիւնում կը քննարկենք, նաեւ վարչութիւնով կը քննարկենք` արդեօք արժի, թէ չարժի, որովհետեւ օրէնքը դրա հնարաւորութիւնը տալիս է: Կայ երկու կարծիք. մի կարծիքն այն է, որ այսպէս թէ այնպէս ընդդիմութիւնն ինքն իրեն մեծ հաշուով զրկել է մանտաթներից: Ես, անկեղծ ասած, չեմ պատկերացնում, թէ մեր գործընկերներն այդքան բարձր նշաձող դնելուց ու յետոյ այդ նշաձողի «տակ» մնալուց յետոյ ոնց են վերադառնալու այս դահլիճ… Միւս կարծիքն էլ այն է, որ պէտք է մինչեւ վերջ «մաշեցնե» այն ամէնն, ինչ իրենք արեցին», ըսաւ Սիմոնեան:

Ըստ Ազգային Ժողովի նախագահին` այս պահուն 10 պատգամաւոր կայ, որոնց բացակայութիւններուն քանակը թոյլատրելիէն բաւականին շատ է, ինչ որ թոյլ կու տայ զանոնք մանտաթէն զրկել: «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարը այդ ցուցակին մէջ 11-րդն էր, սակայն ան արդէն հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Սիմոնեան չբացառեց, որ որոշ անձերու հարցով  գուցէ քննարկեն եւ քաղաքական որոշում կայացուի` չդիմել Սահմանադրական Դատարան: Մէկտեղ չբացառեց, որ, որոշ ընդդիմադիրները կը զրկեն նաեւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահի, յանձնաժողովներու նախագահներու պաշտօններէն:

«Ընդդիմութիւնը զբաղուած է պաշտօնակռուով ու դա արդէն անում է բացայայտ: Իրենք, ամէն ինչ թողած, հիմա մեկնաբանում եւ բացատրում են, թէ ինչու իրենց չի կարելի մանտաթից զրկել: Առաջին օրից այս ամէնը եղել է պաշտօնակռիւ, նո՛յն Դաշնակցութեան, նո՛յն Ռոպերթ Քոչարեանի աջակիցների համար սա պաշտօնակռիւ է, մանտաթ ունենալու խնդիր է, որ ունենան անձեռնմխելիութիւն, որ գնան ոստիկանին հարուածեն ու ասեն, որ իրենք պատգամաւոր են», մասնաւորապէս ըսաւ ԱԺ նախագահը:

Անդրադառնալով 2018 թուականի պատգամաւորական անհնազանդութիւններուն հետ համեմատականին` Սիմոնեան ըսաւ, որ այն ժամանակ թէ՛ Նիկոլ Փաշինեանը, թէ՛ ոեւէ ընդդիմադիր պատգամաւոր չէր լրացուցած բացակայութիւններու այն քանակը, որ պէտք էր մանտաթէն զրկելու համար:  Ան համեմատականները տեղին չհամարեց:

«Շփոթել համաժողովրդական շարժումը եւ Դաշնակցութեան կուսակցութեան, Հանրապետական կուսակցութեան աջակիցների պահուածքը Երեւանի փողոցներում: Անհամեմատելի են: Արդիւնքներն ապացուցում են իմ ասածի ճշմարտացիութիւնը», եզրափակեց Ազգային Ժողովի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment