Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԱԾ-ն Պետական Դաւաճանութեան 5 Նոր Դէպք Բացայայտած Է

Արցախի ԱԱԾ-ն Պետական Դաւաճանութեան 5 Նոր Դէպք Բացայայտած Է

by MassisPost

Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդած է պետական դաւաճանութեան 5 նոր դէպք բացայայտելու մասին:

Հաղորդագրութեան համաձայն` ծառայութիւնը բացայայտած եւ չէզոքացուցած է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ Արցախի մէջ ստեղծուած գործակալական ցանցի գործունէութիւնը, որուն մէջ ներգրաւուած եղած են Պաշտպանութեան բանակի տարբեր ստորաբաժանումներուն մէջ ծառայութեան մէջ գտնուող անձեր, ինչպէս նաեւ կանխուած է ծուղակի մէջ յայտնուած Արցախի քանի մը քաղաքայիններու հետագայ հաւաքագրումը:

Դէպքին առթիւ Արցախի ԱԱԾ-ին մէջ յարուցուած քրէական գործի շրջանակին մէջ պարզուած է, որ Արցախի քաղաքացիներ, հանդիսանալով N զօրամասի ծառայողներ, «ընկերային ցանցերի միջոցով կապ են հաստատել հայ անձի տուեալներով գրանցուած օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան աշխատակցի կողմից օգտագործուող հաշուի հետ, ինչից յետոյ որոշ ժամանակ շփուելուց յետոյ վերջինիս առաջադրանքով նրան են տրամադրել պետական եւ ծառայողական գաղտնիք կազմող` իրենց ստորաբաժանման պահպանութեան ներքոյ գտնուող մարտական դիրքերի տեղակայման վայրերի, մարտական հերթապահութիւն իրականացնող անձնակազմի թուաքանակի, մարտունակութեան, մարտական դիրքերում առկայ զէնքերի տեսակների եւ քանակի, զօրամասի հրամանատարական կազմի վերաբերեալ տուեալներ, որի դիմաց նրանցից մէկը դրամատնային փոխանցման միջոցով ստացել է 200 տոլար, իսկ մնացածը իրենց խոստացուած գումարները չեն ստացած»:

Պետական դաւաճանութեան մեղադրանք առաջադրուած է Ա.Ա.-ին, Մ.Հ.-ին եւ Ա.Բ.-ին, անոնց նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Միւս մանրամասնութիւնները հրապարակուած են Արցախի ԱԱԾ տեսանիւթին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment