Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աննա Վարդապետեանն Ընտրուեցաւ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի Պաշտօնին

Աննա Վարդապետեանն Ընտրուեցաւ ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի Պաշտօնին

by MassisPost

Ազգային Ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Աննա Վարդապետեանը ընտրեց ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնին:

Վարդապետեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Քուէարկութենէն յետոյ Հաշուիչ Յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Պապայեան յայտնեց, որ Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած է 70 պատգամաւոր, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած էին:

Գլխաւոր դատախազի ընտրութեան հարցի քննարկման, քուէարկութեան ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններբու պատգամաւորները չեն մասնակցած:

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտնեց, որ գլխաւոր դատախազը իր պաշտօնը կը ստանձնէ ԱԺ նիստին տրուած երդմամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 15-ին:

Աննա Վարդապետեանը 2020 թուականի Մարտ 2-էն կը զբաղեցնէ ՀՀ վարչապետի օգնականի պաշտօնը:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր  15-ին կը լրանայ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանի պաշտօնավարման ժամկէտը: Գլխաւոր դատախազը Ազգային Ժողովի իրաւասու մշտական յանձնաժողովի առաջարկութեամբ կ’ընտրուի Ազգային Ժողովին կողմէ` պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու առնուազն երեք հինգերորդով, վեց տարի ժամկէտով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment