Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 5 Ամսուան Մէջ Աճած Է 10.2 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 5 Ամսուան Մէջ Աճած Է 10.2 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2022 թուականի Յունուար-Մայիսին 10.2 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուայ Յունուար-Մայիսի նկատմամբ: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէին հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը այս տարուայ Յունուար-Մայիսին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելցած է 2.7 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը 2022-ի առաջին 5 ամիսներուն նախորդ տարուայ նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 11.4 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ Յունուար-Մայիսին 2021-ի Յունուար-Մայիսի նկատմամբ  աւելացումը կազմած է 8.9 տոկոս: 2022 թուականի Յունուար-Մայիսին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ աւելցած է 24.9 տոկոսով:

2022 թուականի առաջին 5 ամիսներուն սպառողական գիներու ցուցակը 2021-ի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 7.7 տոկոսով:

Արդիւնաբերական արտադրանքի գիներու ցուցակը Յունուար-Մայիսին 2021-ի Յունուար-Մայիսի համեմատ աճած է 9.6 տոկոսով: Իսկ ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը Յունուար-Մայիսին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 13.1 տոկոսով:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ այս տարուայ Յունուար-Մայիսին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակին համեմատ արձանագրած է 36.6 տոկոս աճ: 2022 թուականի Յունուար-Մայիսին նախորդ տարուայ նոյն ժամանակին համեմատ արտահանումը աճած է 27.5 տոկոսով, իսկ ներմուծումը` 42.2 տոկոսով:

Դրամին փոխարժէքը տոլարին նկատմամբ Յունուար-Մայիս ամիսներուն կազմած է 477.34 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment