Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ինչպէ՞ս Հասանք Այս Վիճակին

Ինչպէ՞ս Հասանք Այս Վիճակին

by MassisPost

Տակաւին երկար պիտի գրուի ու խօսուի Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին Հայկական բանակի կրած ձախողումներու պատճառներուն ու հետեւանքներուն մասին, որոնց արդիւնքով կորսնցուցինք  Լեռնային Ղարաբաղի հողատարածքներուն մեծ մասը, ընթացքին տալով չորս հազար զոհեր:

Վերջին ամիսներուն Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնները կը յայտնաբերեն Հայոց բանակէն ներս դաւաճանութիւններու եւ փտածութեան դէպքերու բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն մտահոգիչ են այլեւ տխուր եւ նուաստացուցիչ Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդին համար:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը այս շաբաթ տեղեկացուց որ, ձերբակալուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու հրթիռային զօրքերու եւ հրետանիի նախկին պետական վարչութեան պետ զօրավար մը: Ան նիւթական շահագրգռուածութենէ մղուած, օժանդակած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան  զինամթերք մատակարարող ընկերութեան մը ու հաստատած է իրենց որակով զիջող ու խոստացուած հեռաւորութիւնը չապահովող հրանօթի կրակոցներ: 44-օրեայ պատերազմի  ընթացքին այդ կրակոցները չեն կարողացած հասնիլ իրենց թիրախին:

Ամիսներէ  ի վեր բանտարկուած կը  մնայ պատերազմի շրջանին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ գտնուող Դաւիթ  Տոնոյեանը, որ կը մեղադրուի բանակին ոչ-պիտանի զէնքերու մատակարարման գործով:

Տեղի կ՛ունենան ձերբակալութիւններ բանակի սպայական կազմէն ներս, որոնց հեղինակները պատերազմի ամենէն թէժ պահերուն հեռացած են մարտի դաշտէն՝ ետին ձգելով իրենց հրամանատարութեան տակ գտնուող  զինուորները« որոնցմէ շատեր զոհուած են կամ գերի ինկած թշնամիի ձեռքը:

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հերթաբար կը տեղեկացնէ  ձերբակալութիւններու մասին, որոնք կը կատարուին բանակի մէջ ծառայած զինուորներու շարքերէն ներս, որոնք նիւթական խոստումներու դիմաց թշնամիին փոխանցած են զգայուն տեղեկութիւններ, Հայկական զինուած ուժերու դիրքերուն եւ զինատեսակներուն մասին: Այս գործերով առ այսօր ձերբակալուած են մօտ հարիւր հոգիներ:

Այս բացայայտումները հաւանաբար կը կազմեն մէկ չնչին տոկոսը փտածութեան եւ  դաւաճանական դէպքերուն, որոնք, ըստ երեւոյթին,  բաւական տարածուն եղած են Հայկական Բանակէն ներս:

Արդի պատերազմները կը մղուին ո՛չ միայն պատերազմի դաշտին վրայ, այլ հակառակորդի մասին առաւելագոյն տեղեկութիւններուն տիրապետելու  միջոցաւ: Յստակ է որ, այս ծիրէն ներս եւս առաւելութիւնը  եղած է Ատրպէյճանի կողմէ: Ան կարողացած է Հայաստանի մէջ ստեղծել լրտեսական ցանց մը, որուն միացած են բանակի գաղտնիքներուն մօտ եղող անհատներ:

Գլխաւոր հարցը այն է թէ, ինչպէ՞ս հասանք այս վիճակին: Հոգեբանները տարբեր ձեւով պիտի մօտենան այս հարցին, զինուորականները տարբեր, իսկ քաղաքացիները անմիջապէս պիտի մտաբերեն երկրէն ներս տիրող բարոյահոգեբանական վիճակը, երբ փտածութիւնը դարձած էր ընդունուած եւ համատարած երեւոյթ: Իշխող վերնախաւը՝ վերէն  մինչեւ վար թաթախուած էր փտածութեան մէջ չխնայելով նաեւ բանակը:  Պատերազմող երկրի համար այս վերջինին ընդգրկումը նոյն այդ շրջագիծին մէջ, մահացու հարուած կրնար հասցնել՝ ինչ որ տեղի ունեցաւ ու արդիւնքով ստացանք այն ինչ որ եղաւ:

Կը մնայ որ, Ազգային Ժողովէն ներս ստեղծուած յատուկ յանձնաժողովը, որ կոչուած է քննելու 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները, դուրս գայ իր  դանդաղ գործելաոճէն, ու արագացնելով իր աշխատանքները՝ իշխանութիւններուն ու հանրութեան ներկայանայ յստակ եզրայանգումներով եւ թելադրութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ դասեր քաղել տեղի ունեցածէն ու բանակաշինութեան յաջորդ հանգրուանը դրուի աւելի ապահով ու անթերի հիմունքներու վրայ: Ժամանակը կը շարժի ի վնաս մեզի եւ պարտաւոր ենք օր առաջ կարգաւորել մեր ներքին տունը:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment