Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գագիկ Խաչատրեանի ԱՄՆ-ի Դղեակի Գործարքին Նոր Մանրամասնութիւններ

Գագիկ Խաչատրեանի ԱՄՆ-ի Դղեակի Գործարքին Նոր Մանրամասնութիւններ

by MassisPost

Gagik KhachatryanԻ՞նչ մեխանիզմով ելեւմուտքի նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանը յաջողած է ԱՄՆ-ի մէջ 63,5 միլիոն տոլարնոց առանձնատուն ձեռք բերած է․ հարցին պատասխանը պարզելու համար «Factor TV»-ն դիմած էր ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութիւն:

Նախարարութեան տրամադրած գրաւոր փաստաթուղթը ենթադրեալ փտածութեան մեխանիզմի մասին ուշագրաւ մանրամասներ կը բացայայտէ:

Այս տարուայ Մայիսի սկիզբը յայտնի դարձաւ, որ ԱՄՆ իրաւապահները կը փափաքին բռնագանձել Խաչատրեաններուն պատկանող 63,5 միլիոն տոլար արժողութեամբ շքեղ առանձնատունը: Այն, ըստ իրաւապահներուն, գնուած է փտածութեան գործարքներով:

Ըստ ԱՄՆ-էն ստացուած փաստաթուղթերու` 2009 թուականի Յուլիս 9-ին` Գագիկ Խաչատրեանի ՊԵԿ նախագահ նշանակուելէն մօտ մէկ տարի անց, Գագիկ Ծառուկեանի առեւտրային ընկերութիւններու կառավարիչ, «Մուլթի Կրուփ»-ի գլխաւոր տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանը 25-ամեայ Գուրգէն եւ 23-ամեայ Արտեօմ Խաչատրեաններուն հետ կնքած է 7 միլիոն տոլարի կեղծ փոխառութեան պայմանագիր: Առուստամեանը Խաչատրեաններուն եւս մէկ փոխառութիւն ալ տուած է 2011 թուականի Յուլիս 10-ին` 13 միլիոն 400 հազար տոլար` կրկին կեղծ պայմանագրով: ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ Գուրգէն Խաչատրեանը առանձնատան ձեռքբերման համար դրամատնային կեղծ տուեալներ ներկայացուցած է:

«Առանձնատունը գնելու համար, որպէս իրենց վճարունակութեան ապացոյց, Գուրգէն Խաչատրեանը վաճառողի գործակալին ներկայացուցած է հայկական դրամատան տրամադրած տեղեկանք, որուն համաձայն` հաշիւին ունի աւելի քան 15 միլիոն տոլար: Տեղեկանքը, սակայն, կեղծուած եղած է, եւ նշուած հաշիւին այդ գումարները չեն եղած: Փոխարէնը, 2011 թուականի Յուլիս 8-ին Սեդրակ Առուստամեանը 1 միլիոն տոլար կանխավճար փոխանցած է առանձնատան գնման համար, իսկ մինչեւ 2011 թուականի Օգոստոս 3 ինկած ժամանակահատուածին վճարած է աւելի քան 13 միլիոն տոլար», կ’ըսուի հարցման պատասխանին մէջ:

Հայաստանի իրաւապահներուն տուեալներով` Առուստամեանը Խաչատրեաններուն ընդհանուր 22,5 միլիոն տոլար կաշառք տուած է: Անոր որպէս հետեւանք, Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող ընկերութիւնները Գագիկ Խաչատրեանի` ՊԵԿ նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու տարիներուն միլիառաւոր դրամներու հարկային պարտաւորութիւն չեն կատարած: Մասնաւորապէս, «Արարատ Ցեմենթ»ը չէ վճարած 7,5 միլիառ դրամ, իսկ «Մուլթի Կազն» ու «Մուլթի Լէոն»ը միասին` 10 միլիառ դրամ:

Այս գործարքները ԱԱԾ-ի ուշադրութեան կեդրոնում յայտնուեցան 2018-ի իշխանափոխութենէն յետոյ: Գագիկ եւ Գուրգէն Խաչատրեանները մեղադրեալի կարգավիճակ ունին: Անյայտ անձի կողմէ Գլխաւոր Դատախազութեան հաշուին 1 միլիառ 254 միլիոն դրամ գրաւի վճարումէն յետոյ Գագիկ Խաչատրեանը ազատ արձակուած է, իսկ Գուրգէն Խաչատրեանը արդէն երկու տարի է` կը թաքնուի իրաւապահներէն, ան հետախուզման մէջ է: Սեդրակ Առուստամեանն ալ կալանքէ ազատ արձակուած է 50 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց: Գործին քննութիւնը դեռ կը շարունակուի:

ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութենէն «Factor TV»-ի հարցման ի պատասխան` չեն բացառած, որ Խաչատրեաններու շքեղ առանձնատունը բռնագանձելէ յետոյ մասամբ պիտի վերականգնուին ՀՀ-ին պատճառուած վնասները:

«Քաղաքացիական բռնագանձման մեր համակարգը թոյլ կու տայ գործընթաց սկսիլ` փորձելով վերականգնել այդ հաշիւները եւ վերադարձնել զանոնք տուժած երկրի բնակիչներուն: Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է ոչ միայն պաշտպանելու ԱՄՆ ֆինանսական համակարգը միջազգային չարաշահումներէ, այլ նաեւ ապահովելու վերականգնուած հաշիւներու թափանցիկ վերադարձը բանակցուած, օրինական եւ բաց գործընթացի միջոցով, որոնց հետեւանքով, ի վերջոյ, մասամբ փոխհատուցում կը ստանայ այն երկրի ժողովուրդը, որ տուժած է փտածութենէն: Մենք գործի պիտի չդնենք հաշիւներու բաշխման կիրառուող մեխանիզմը, քանի դեռ բռնագանձման դատական գործընթացները չեն աւարտած», կը նշուի տրամադրուած փաստաթուղթերուն մէջ:

Գագիկ Խաչատրեանը կամ որդիները դեռ որեւէ կերպ չեն արձագանգած ԱՄՆ-ի մէջ իրենց պատկանող շքեղ առանձնատան բռնագանձման գործընթացի մեկնարկին: Միայն Խաչատրեաններու փաստաբանական խումբը այս գործընթացը որակած է որպէս առեւտրականներու ազատ տնտեսական գործունէութեան խոչընդոտման հերթական դէպք, որ կ’իրականացուի առանց զայն հաստատող որեւէ հիմնաւոր ապացոյցի: Խումբը պնդած է, որ առկայ են բոլոր իրաւական հիմքերը` հայցադիմումի օրինականութիւնը վիճարկելու համար օրէնքով սահմանուած բոլոր ատեաններուն մէջ, ինչի ուղղութեամբ միջոցներ կը ձեռնարկեն:

Այս յայտարարութենէն շուրջ 2 ամիս անցած է, սակայն Խաչատրեանները դեռ բողոքարկման գործընթաց չեն սկսած: Ասոր զուգահեռ, դատական գործընթաց սկսած է Առուստամեանի եւ Խաչատրեաններուն միջեւ: 2011 թուականի Յուլիս 29-ին Սեդրակ Առուստամեանը, ըստ ԱՄՆ Արդարադատութեան Նախարարութեան, ստորագրած է պարտաւորութիւն, ըստ որուն` ան սեփականութեան կամ շահաբաժնի որեւէ իրաւունք գոյքի նկատմամբ չունի: Այժմ ան դիմած է դատարան եւ, ըստ Տաթալեքսի, կը պահանջէ 41 միլիոն տոլար, որ կը ներառէ փոխառութեան գումարն ու տոկոսագումարները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment