Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Ընդլայնուած Կազմով Նիստին

Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցած Է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Ընդլայնուած Կազմով Նիստին

by MassisPost

ԵԱՏՄ-ն կ’անցնի համարկման ներուժի բացայայտման փուլ` ի շահ ընդհանուր տնտեսական տարածքի ստեղծման եւ կայուն տնտեսական աճի, յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` Մինսքի մէջ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին:

Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը աստիճանաբար կ’աւարտէ կայացման փուլը եւ կ’անցնի իր համարկման ներուժի բացայայտման փուլ` ի շահ ընդհանուր տնտեսական տարածքի ստեղծման, մեր պետութիւններու կայուն տնտեսական աճի, մրցունակութեան ամրապնդման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ իր տնտեսական շահերու արդիւնաւէտ յառաջմղման:

Հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները` կ’աւելնան մեր գործողութիւններուն սերտ համակարգումը մեծցնելու անհրաժեշտութիւնը` որպէս անդամ պետութիւններու` համաշխարհային տնտեսութեան ժամանակակից պայմաններուն յարմարուելու հիմք, ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը ընդգծած է, որ ժամանակակից տնտեսական մարտահրաւէրներու ծիրին մէջ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը կը մնայ պարէնային անվտանգութեան ապահովումը:

«Ներկայումս, առարկայական պատճառներով, գիւղատնտեսական ընդհանուր շուկայում որոշակի տեսակների գիւղատնտեսական ապրանքների մատակարարման սահմանափակումներ են առաջանում, ինչը կարող է բացասաբար ազդել մեր երկրներում գիւղատնտեսութեան կայուն գործունէութեան եւ, ընդհանրապէս, Միութեան պարէնային ապահովութեան վրայ»,  յայտարարած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ այս առումով, Միութեան անդամ երկիրները պէտք է առաջին հերթին հաւաքական հիմունքներով հակազդեն վտանգներուն` օգտագործելով համախմբուած եւ փոխընդունելի լուծումներ մշակելու ներուժը` նուազագոյնի հասցնելով պարէնային ապրանքներու պակասուրդի հաւանականութիւնը:

«Մեր պետութիւնների համար Միութեան շրջանակներում համագործակցութիւնն առաջնահերթ ուղղութիւն է, որը թոյլ է տալիս ուժեղացնել աւանդական համագործակցութիւնը եւ ստեղծել նոր գործընկերային յարաբերութիւններ` միաւորման տնտեսական ներուժն իրացնելու նպատակով», նշած է Փաշինեան, այս ծիրին մէջ կարեւրոելով փոխադարձ առեւտուրի խոչընդոտներուն վերացումը, արտահանման եւ ներմուծման նոր լոկիսթիք շղթաների ձեւաւորումը, ներմուծման փոխարինման զարգացումը եւ առեւտրային գործունէութեան պայմաններու հետագայ բարելաւումը:

«Միայն կառուցողական երկխօսութեան, բաց լինելու եւ թափանցիկութեան պատրաստակամութիւնը կարող է օգնել այս հարցում դրական աշխուժութեան պահպանմանը», ընդգծած է Հայաստանի վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է նաեւ ալքոհոլային խմիչքներու շուկայի հարցին կարգաւորումը:

Վարչապետը նաեւ անդրադարձած է գործընթացներու թուայնացման` նշելով. «Առանց յառաջադէմ թուային գործիքների եւ արհեստագիտութիւնների տիրապետման` դժուար է մրցակցել համաշխարհային ասպարէզում: Միութեան թուային օրակարգի ձեւաւորման պահից ի վեր արդէն մեկնարկել են մի շարք լայնածաւալ նախագծեր, որոնց շնորհիւ մեր երկրների միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները դարձել են աւելի պարզ եւ թափանցիկ` դրանց արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու տեսանկիւնից»:

«Կարեւոր եմ համարում նաւարկման կնիքների միջոցով բեռնափոխադրումներին հետեւելու համակարգի ձեւաւորումը, ելեկտրոնային թուային ստորագրութիւնների փոխադարձ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ քննարկումը անդրսահմանային ելեկտրոնային առեւտրի, որի աճը մեզ համար նոր մարտահրաւէրներ է ստեղծում եւ պահանջում է արտադրանքի անվտանգութեան, սպառողների իրաւունքների պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հարկերի եւ մաքսային մուտքերի ամբողջականութեան ապահովման հետ կապուած խնդիրների արդիւնաւէտ լուծում», նաեւ ընդգծած է վարչապետը` յաւելելով, որ հաշուի առնելով ԵԱՏՄ անդամ երկիրներուն հետ ընդհանուր սահմաններու բացակայութիւնը` գործընթացներու թուայնացումը պիտի խնայէ Հայաստանի ժամանակն ու նիւթական միջոցները:

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան երկիրներու վարչապետները քննարկած եւ ընդունած են ներքին շուկայի ամրապնդման, ճանապարհային ենթակառուցուածքներու զարգացման, մաքսային սակագիներու կարգաւորումներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ թուային օրակարգի ծիրին մէջ համագործակցութեան:

Նիստին ընդունուած որոշմամբ` Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի Խորհուրդին յանձնարարուած է ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն հետ միասին ապահովել, մասնաւորապէս, ցորենի, գարիի, եգիպտացորենի, արեւածաղիկի սերմերու, շաքարաւազի եւ այլ ապրանքներու վերաբերեալ ցուցակային հաշուեկշիռներու պատրաստումը:

Եւրասիական Զարգացման դրամատան վարչութեան նախագահի տեղակալ Տիգրան Սարգսեան շնորհահանդէսով ներկայացուցած է թուայնացման գործընթացինյ ուղղութեամբ յառաջիկային նախատեսուող համատեղ ծրագրերն ու քայլերը:

Նիստին ընթացքին ստորագրուած են համաձայնեցուած փաստաթուղթերն ու արձանագրութիւնները:

Որոշում կայացուած է Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի յաջորդ նիստը կայացնել Օգոստոսի վերջաւորութեան, Ղրղզստանի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment