Home Uncategorized Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչ Բարձր Գնահատծա Է ԵԽ-ի Հետ Հայաստանի Համագործակցութիւնը

Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչ Բարձր Գնահատծա Է ԵԽ-ի Հետ Հայաստանի Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Հայաստանը Եւրոպայի Խորհուրդին իր անդամակցութեան 21 տարիներու ընթացքին կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան բարձր նուիրում դրսեւորած է: Այս մասին ըսաւ Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչ` ամփոփելով ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման արդիւնքները:

«Հայաստանը ստորագրած եւ վաւերացուցած է 66 ուխտ եւ անդամակցած է 12 համաձայնագրի: Այս տարիներու ընթացքին Հայաստանը աշխուժօրէն նպաստած է Եւրոպայի իրաւական եւ քաղաքական օրակարգի ձեւաւորման: Վստահ եմ, որ իր հերթին Եւրոպայի Խորհուրդը իր նպաստ բերած է Հայաստանի բարեփոխումներու յառաջխաղացման: Յոյսով եմ, որ այս այցելութիւնը աւելի կ’ամրապնդէ մեր երկխօսութեան եւ համագործակցութեան մակարդակը Հայաստանի եւ ԵԽ-ի միջեւ` ներկայիս եւ յաջորդ ծրագրերու լոյսին ներքոյ», ըսաւ Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղարը:

Պուրիչ ողջունած է Հայաստանի իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի համար իրականացուող գործողութիւններու 2019-2022 թուականներու ծրագիրը կեանքի կոչելու համար: Ան նշեց, որ ներկայիս կը մշակեն Հայաստանի համար իրականացուող գործողութիւններու 2023-2026 թուականներու ծրագիրը:

«Այս ծիրին մէջ կը խրախուսեմ Հայաստանին շարունակել լիովին օգտուիլ ԵԽ-ի օժանդակութենէն եւ փորձառութենէն, օրինակ` վերջանական տեսքի բերելու ընտրական գործընթացի բարեփոխումները` համապատասխանեցնելով Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկութիւններուն, զանգուածային լրատուամիջոցներուն մասին օրէնսդրութիւնը եւ սահմանադրական բարեփոխումներու առաջարկութիւնները», նշեց Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը:

Ինչ կը վերաբերի ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման` Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղարը նշեց, որ ողջունելի են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումները եւ անոնց առնչուող յայտարարութիւնները, ինչպէս, օրինակ, սահմանազատման յանձնաժողովի աշխատանքին վերաբերեալ:

«Մենք պէտք է վստահութեան եւ հաշտեցման հասնինք: Այդ ուղղութեամբ բոլոր նախաձեռնութիւնները ողջունելի են եւ պէտք է օժանդակութիւն ստանան», եզրափակեց Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը:

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, 2020 թուականին Արցախի դէմ յարձակման հետեւանքներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցերուն:

«Իմ կողմից առանձնայատուկ շեշտուել է այն փաստը, որ 2020 թուականի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ուժի կիրառմամբ լուծելու փորձ կատարելով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելով` Ատրպէյճանը կոպտօրէն խախտել է Եւրոպայի Խորհրդին անդամակցութեան իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ այս հանգամանքը պէտք է համարժէք արձագանգ գտնի Եւրոպայի Խորհրդի անդամ երկրների կողմից», ըսաւ Միրզոյեան:

Արտաքին գործերու նախարարը ԵԽ Գլխաւոր քարտուղարին հետ հանդիպման ընթացքին վերահաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ ջանքեր գործադրելու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:

«Այս ծիրին մէջ հիմնարար է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հասցէագրումը, որը կը ներառի Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ բոլոր իրաւունքների ապահովման եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերջնական որոշման առանցքային կէտերը:

Արցախի ժողովուրդն ունի նոյն իրաւունքները, ինչ բոլորը, եւ հակամարտութեան գօտում գտնուելու հանգամանքն Արցախի հայերին չի կարող զրկել իրենց համընդհանուր հիմնարար իրաւունքներից», ըսած է Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment