Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բոլոր Ճանապարհները, Որ Պիտի Բացուին, Պիտի Գործեն Այն Երկրներու Ինքնիշխանութեան Ներքոյ, Որոնց Տարածքով Կ’անցնին. Փաշինեան

Բոլոր Ճանապարհները, Որ Պիտի Բացուին, Պիտի Գործեն Այն Երկրներու Ինքնիշխանութեան Ներքոյ, Որոնց Տարածքով Կ’անցնին. Փաշինեան

by MassisPost

ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անվտանգութեան ապահովման ոլորտին մէջ կարեւորագոյն գործօններէն է, եւ կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ իրավիճակը այդքան ալ կայուն չէ, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդունելով կազմակերպութեան Արտաքին Գործերի Նախարարներու Խորհուրդի նիստին մասնակիցները:

ՀՀ վարչապետը ՀԱՊԿ արտաքին գործերու նախարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձած է տարածաշրջանային ընթացիկ իրավիճակին` խօսելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման, Ատրպէյճանի մէջ մինչեւ օրս պահուող հայ ռազմագերիներուն, պատանդներուն եւ այլ քաղաքացիական անձերու վերադարձին մասին` կարեւորելով միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը:

Հայաստանը շահագրգռուած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակմամբ, եւ բոլոր ճանապարհները, որոնք պէտք է բացուին, պիտի գործեն այն երկիրներու ինքնիշխանութեան ներքոյ, որոնց տարածքով կ’անցնին. «միջանցքային» որեւէ տրամաբանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ սա համընդհանուր ընկալում է, կառավարութեան փոխանցմամբ` ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը նկատած է, որ տակաւին բաց կը մնայ 2021 թուականի Մայիսէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածք Ատրպէյճանի զօրքերու ներխուժման հարցը, որուն առնչութեամբ Հայաստանը դիմած է ՀԱՊԿ:

«Այս ծիրին մէջ մտքեր են փոխանակուել ՀԱՊԿ մշտադիտարկման եւ արագ արձագանգման մեխանիզմների լաւարկման շուրջ, ինչը կը բարձրացնի կազմակերպութեան գործունէութեան եւ անդամ երկրների անվտանգային մարտահրաւէրների սպասարկման արդիւնաւէտութիւնը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment