Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԽ-ն Թուրքիոյ Կոչ Ըրած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Յարգելու Հայկական Ժառանգութիւնը Պաշտպանելու Յանձնառութիւնը

ԵԽ-ն Թուրքիոյ Կոչ Ըրած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Յարգելու Հայկական Ժառանգութիւնը Պաշտպանելու Յանձնառութիւնը

by MassisPost

Եւրոպական Խորհրդարանը Յունիս 7-ին Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյց ընդունած է, որուն մէջ յորդորած է այդ երկրին ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յարգել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր յանձնառութիւնը:

Զեկոյցին մէջ, որ ընդունուած է 448 կողմ, 67 դէմ եւ 107 ձեռնպահ ձայներով, անդրադարձ կատարուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած վերջին ջանքերուն: Մասնաւորապէս, նշուած է, որ ԵԽ-ն «կ’ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ  վերջին մերձեցման գործընթացը` կապուած երկկողմ շփումներ սկսելու որոշման, յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու, երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքները վերսկսելու հետ: «ԵԽ-ն այս փորձը կը համարէ խիստ դրական զարգացում, որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածաշրջանի բարեկեցութեան ու անվտանգութեան վրայ, ԵԽ-ն կը յորդորէ կողմերուն յառաջ տանիլ այս ջանքերը` յանուն իրենց յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման ու կոչ կ’ընէ Եւրոմիութեան աշխուժօրէն աջակցելու այս գործընթացին», կ’ըսուի զեկոյցին մէջ:

Եւրոպատգամաւորները յորդորած են Թուրքիոյ «ճանապարհ հարթել թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ իրական հաշտեցման համար` ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի կարգաւորումը, եւ լիարժէքօրէն յարգել հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները»: Զեկոյցին հեղինակները յոյս յայտնած են, որ այդ կրնայ դառնալ ուղի` Հարաւային Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: ԵԽ-ն, յղում ընելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին` 2015 թուականի Ապրիլ 15-ին կառոյցին կողմէ ընդունուած բանաձեւին, հերթական անգամ յորդորած է Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ թէպէտ Թուրքիան բազմիցս յայտարարած է Եւրոմիութեան անդամ դառնալու նպատակին մասին, այդուհանդերձ, վերջին երկու տարիներու ընթացքին երկիրը հետեւողականօրէն ետ կանգնած է անդամակցութեան գործընթացին հետ կապուած իր պարտաւորութիւններէն: Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու շարունակական ոտնահարումներու փաստը:

ԵԽ պատգամաւորները նաեւ յորդորած են պաշտօնական Անգարային բարեխղճօրէն մօտենալ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դիմումներուն` կոչ ընելով զերծ մնալու այս գործընթացին մէջ անհարկի ճնշում գործադրելէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment