Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Վենետիկի Յանձնաժողովին Նախագահը

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Վենետիկի Յանձնաժողովին Նախագահը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպայի Խորհուրդի «ժողովրդավարութիւն` Իրաւունքի Միջոցով» Եւրոպական Յանձնաժողովի (Վենետիկի Յանձնաժողով) նախագահ Քլէր Պազի-Մալորը:

Վարչապետը գոհունակութեամբ նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը աշխուժօրէն կը համագործակցի Եւրոպայի Խորհուրդին եւ Վենետիկի Յանձնաժողովին հետ` նպատակ ունենալով շարունակաբար բարելաւել ժողովրդավարութեան հզօրացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, անկախ դատական համակարգի կայացման համար անհրաժեշտ օրէնսդրական դաշտի որակը: Նիկոլ Փաշինեան արդիւնաւէտ գնահատած է ԵՎՎԽ-ի հետ գործընկերութիւնը, որու` վերջերս ընդունուած բանաձեւով կ’արձանագրուի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու բնականոն ու դրական ընթացքը, ինչպէս նաեւ այն, որ ընտրութիւններու կեղծման էջը փակուած է: Վարչապետը կառավարութեան եւ եւրոպական կառոյցներուն հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ յիշատակած է նաեւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին հետ հետեւողական աշխատանքը` 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու վերադարձին ուղղութեամբ:

Վենետիկի Յանձնաժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է գնահատականին համար եւ վերահաստատած՝ ՀՀ ժողովրդավարութեան օրակարգին սատարելու պատրաստակամութիւնը, որպէսզի Հայաստանի մէջ իրաւական կարգաւորումները ըլլան հնարաւորինս կուռ եւ ամուր:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են երկկողմ գործակցութեան օրակարգին շուրջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն կը շարունակէ մնալ դատական համակարգի բարեփոխումը` որպէս կարեւորագոյն հաստատութենական բարեկարգում, եւ այս առումով կարեւոր են արդարադատութեան որակի, դատական համակարգին նկատմամբ վստահութեան ձեւաւորման, դատաւորներուն համար ընկերային երաշխիքներու ապահովման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերը: Քլէր Պազի-Մալորին նշած է, որ կը կիսէ վարչապետին տեսակէտը, եւ Վենետիկի Յանձնաժողովը իր գործիքակազմով կ’աջակցի ՀՀ կառավարութեան, Սահմանադրական դատարանին այդ գործընթացին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի եւ Վենետիկի Յանձնաժողովին միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր եւս:

Երկուստեք ընդգծուած է բարեկարգումներու գործընթացին քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ կառավարութիւնը վճռական է բարեփոխումներու օրակարգը կեանքի կոչելու հարցով եւ այդ ճանապարհին կը կարեւորէ Եւրոպայի Խորհուրդին եւ եւրոպական կառոյցներուն օժանդակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment