Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Հանդիպած Է Ռազմագերիներու Ծնողներուն Եւ Հարազատներուն Հետ

Միրզոյեան Հանդիպած Է Ռազմագերիներու Ծնողներուն Եւ Հարազատներուն Հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հերթական հանդիպումը ունեցած է Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու ծնողներու եւ հարազատներու խումբին հետ:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Արարատ Միրզոյեանը վերահաստատած է, որ ՀՀ ԱԳՆ-ն կը ներդնէ հնարաւոր բոլոր ջանքերը` Ատրպէյճանի կողմէ ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման եւ անոնց հայրենադարձման ուղղութեամբ:

Արտաքին գործերու նախարարը անդրադարձած է ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու ազատ արձակման խնդիրին` միջազգային բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, խորհրդարանականներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններուն ներկայացնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, ապա պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment