Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն Ու ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւններու Ղեկավարները Միտքեր Փոխանակած Են ԵԱՀԿ ՄԽ Շրջանակին Մէջ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Շուրջ

Փաշինեանն Ու ՀԱՊԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պատուիրակութիւններու Ղեկավարները Միտքեր Փոխանակած Են ԵԱՀԿ ՄԽ Շրջանակին Մէջ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Շուրջ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստին մասնակիցները` ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային Ժողովի Պետական Տումայի նախագահ Վեաչեսլաւ Վոլոտինի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը եւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը:

Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` վարչապետը նշած է, որ այս տարի կը նշուի ՀԱՊԿ ստեղծման 30-ամեակը, ինչ որկարեւոր իրադարձութիւն է:

«Բազմիցս ենք նշել, որ սա լաւ հնարաւորութիւն է ի մի բերելու արդիւնքները, վերլուծելու մեր ձեռքբերումները, բացթողումները, քայլերը, թէ ինչով եւ ինչպէս կարող ենք աւելի արդիւնաւէտ դարձնել մեր կազմակերպութիւնը: Այս ծիրին մէջ, ի հարկէ, Խորհրդարանական Վեհաժողովի Խորհուրդի դերը հնարաւոր չէ գերագնահատել, քանի որ ՀԱՊԿ-ը փաստացի այն քաղաքական հարթակն է, որտեղ բոլոր այս հարցերը պէտք է քննարկուեն:

Կարծում եմ` խորհրդարանական ձեւաչափը ստեղծում է դրա համար առաւել լայն հնարաւորութիւններ: Վերջին անգամ մենք այս ձեւաչափով հանդիպել ենք 2019 թուականին, դրանից յետոյ տեղի են ունեցել շատ մեծ փոփոխութիւններ աշխարհում`   Քովիտի հետ կապուած, բացի այդ իրավիճակը մեր տարածաշրջանում եւ ընդհանրապէս աշխարհում բաւականին լարուած է: Կարծում եմ` սա շատ կարեւոր հարթակ է, որպէսզի կիսուենք ապագայի մեր տեսլականով եւ փորձենք ՀԱՊԿ մեխանիզմները դարձնել առաւել արդիւնաւէտ` ճգնաժամային իրավիճակներին արձագանգելու համար:

Սա այն թեմաներից մէկն է, որը շատ կարեւոր է ե՛ւ մեր երկրի, ե՛ւ ընդհանրապէս կազմակերպութեան համար: Որպէս նախագահող պետութիւն` մենք այս խնդիրը համարում ենք մեր նախագահութեան առաջնահերթութիւններից մէկը եւ յոյս ունեմ, որ մեզ կը յաջողուի այդ հարցի շուրջ գալ յստակ որոշումների», ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Վեաչեսլաւ Վոլոտինը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ խորհուրդի նիստը հնարաւորութիւն կու տայ մշակելու որոշումներ եւ զարգացնել յարաբերութիւնները երկիրներուն միջեւ:

«Վեհաժողովը թոյլ կու տայ ներդաշնակեցնել օրէնսդրութիւնները, մշակել մոտելային օրէնքներ: Երբ կը խօսինք օրէնսդրութիւններու ներդաշնակեցման մասին` առաջին հերթին այդ կը վերաբերի ահաբեկչութեան, ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին, ռազմաքաղաքական համագործակցութեան, խաղաղապահ ուժերու գործունէութեան եւ այլ հարցերուն», ըսած է Վոլոտինը` յաւելելով, որ խորհուրդի նիստին աշխատանքները  սովորաբար կը սկսին ՀԱՊԿ-ը նախագահող երկրի առաջնահերթութիւններու քննարկումներէն:

Այնուհետեւ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են ՀԱՊԿ մեխանիզմներու զարգացման, Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի շրջանակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Ատրպէյճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ քաղաքացիական անձերու վերադարձին ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն: Վերջինիս հետ կապուած` վարչապետը կարեւորած է միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment