Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Առանց Ղարաբաղի Հայերուն Կարծիքը Հաշուի Առնելու Հնարաւոր Չէ Հասնիլ Կարգաւորման. Թոյվօ Քլաար

Առանց Ղարաբաղի Հայերուն Կարծիքը Հաշուի Առնելու Հնարաւոր Չէ Հասնիլ Կարգաւորման. Թոյվօ Քլաար

by MassisPost

«Առանց Ղարաբաղի հայերուն կարծիքը հաշուի առնելու հնարաւոր չէ հասնիլ կարգաւորման»: Այս մասին  յայտնած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը` պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն մասնակցութիւնը նկատի ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, երբ պրիւքսէլեան եռակողմ հանդիպումէն յետոյ յայտարարած է, որ տեւական եւ արդար խաղաղութեան համար պէտք է քննարկում ըլլայ հիմնական բոլոր հարցերուն շուրջ` շահագրգիռ բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ:

«Կը կարծեմ, ի վերջոյ, Ղարաբաղի հայերը, ի հարկէ, մէկ կողմ են, որոնք պէտք է ըլլան լուծման մաս` ինչ ձեւով ալ այդ տեղի ունենայ… Եւ շատ պարզ է, որ Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդիկ հիմնարար շահագրգռուածութիւն ունին համապարփակ կարգաւորման հասնելու հարցով: Եւ անձամբ ես չեմ տեսներ, թէ ինչպէս կրնանք հասնի նման կարգաւորման` առանց այդ մարդոց կարծիքն ու տեսակէտը հաշուի առնելու», նշած է ան:

Այդուհանդերձ, Շարլ Միշէլը Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն յետոյ խօսած է միայն Ղարաբաղի էթնիկ հայերու իրաւունքներուն մասին` որեւէ բան չնշելով ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ, ինչ որ մտահոգութիւն յառաջացուցած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ.

«Կը կարծեմ, ի վերջոյ հարցը այն է, որ սա պէտք է ըլլայ համապարփակ կարգաւորում: Եւ մենք բոլորս գիտենք, թէ ինչպէս սկսաւ հակամարտութիւնը, եւ այն պէտք է վերջնականապէս փակուի: Նախագահ Միշէլ իր յայտարարութեան մէջ շատ բան չէ նշած: Սա յայտարարութիւն չէր, որ կ՛ընդգրկէր բոլոր այն խնդիրները, որոնք պէտք է լուծուին: Բայց փաստը այն է, որ մենք միշտ ընդգծած ենք, որ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը անհրաժեշտ է, եւ մենք ճիշդ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք»:

Երեւանի մէջ Թոյվօ Քլաարը հանդիպած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ: Յառաջիկային նախատեսուած է Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեային այցը նաեւ Պաքու:

Երկու մայրաքաղաքներէն ալ Թոյվօ Քլաարը ընդհանուր առմամբ դրական ուղերձներ կը ստանայ.

«Ուղերձը, որ ես ստացայ, այն է, որ առաջնորդներուն քանի մը շաբաթ առաջ Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպումը որոշակի յստակ արդիւնքներ տուած է: Մենք ունեցանք սահմանային յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը: Ապա Մոսկուայի մէջ հանդիպում եղաւ փոխվարչապետներու միջեւ` քննարկելու հաղորդակցական ուղիներու բացումը, ինչ որ ղեկավարները քննարկած էին Պրիւքսէլի մէջ: Եւ այսպէս, մենք շատ ոգեւորուած ենք: Պաքուէն եւս արձագանգը այն է, որ ինչպէս պրիւքսէլեան հանդիպման, այնպէս ալ անոր հետագայ ընթացքին գնահատականը դրական է: Այնպէս որ, բաւական դրական թափ կայ: Եւ կը կարծեմ, որ կարեւոր է զարգացնել զայն»:

Լեռնային Ղարաբաղի անորոշ կարգավիճակին վերաբերեալ Թոյվօ Քլաար կ’ըսէ է, որ հիմա ամենակարեւորն է փորձել յառաջ մղել գործընթացը` արձագանգելով դիտարկման թէ մինչ Երեւանը կը խօսի Մինսքի խումբին մասին, Պաքուն կը պնդէ, որ Ղարաբաղի հարցը փակուած է, եռանախագահութիւնն ալ կրնայ լուծարուիլ.

«Եւրոմիութիւնը չի պնդեր, թէ ունի որեւէ բանի հեղինակային իրաւունք: Մենք շահագրգռուած ենք յառաջընթաց տեսնելու եւ անոր աջակցելու մէջ, եւ այդ, կը կարծեմ, այն է, ինչին նախագահ Միշէլը կրցաւ հասնիլ առաջնորդներուն հետ իր երեք հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ նախագահներ Մաքրոնի, Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ իր հանդիպման միջոցով: Եւ այդ այն է, ինչ մենք կ’ուզենք ընել», կ’ըսէ դիւանագէտը` յիշեցնելով, որ կան նաեւ այլ ձեւաչափեր, մասնաւորապէս մոսկովեան եռակողմ հանդիպումները առաջնորդներու մակարդակով, ապաշրջափակման հարցով` փոխվարչապետներու յանձնաժողովը վերսկսած է նիստերը.

«Այդ հոյակապ է, շատ լաւ է, եթէ այն մեզ յառաջ տանի ճիշդ ուղղութեամբ: Այսպիսով, Եւրոմիութեան միակ ու միակ շահն է օգնել գործընթացին ու օգնել հասնելու կայուն եւ համապարփակ կարգաւորման»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment