Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Քլաարի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած Է ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահութեան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

Փաշինեանը Քլաարի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած Է ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահութեան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւորած է Հայաստան-ԵՄ գործընկերութիւնը եւ բարձր գնահատած է ԵՄ-ի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շաէլ Միշէլի` տարածաշրջանային կայունութեան միտուած ջանքերը:

Տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Թոյվօ Քլաար նշած է, որ Եւրոմիութիւնը կը կարեւորէ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան խորացումը եւ կ’աջակցի տարածաշրջանային երկխօսութեան:

Հայաստանի վարչապետն ու ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը միտքեր փոխանակած են պրիւքսէլեան հանդիպումներու արդիւնքներով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին շուրջ: Անդրադարձած են նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի աշխատանքներուն, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման առնչուող հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment