Home Uncategorized Ուրուկուէյի Մէջ Ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան Եւ ԼՂ Հակամարտութեան Մասին` Ուրուկուէյցի Բեմադրիչին Ֆիլմը

Ուրուկուէյի Մէջ Ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան Եւ ԼՂ Հակամարտութեան Մասին` Ուրուկուէյցի Բեմադրիչին Ֆիլմը

by MassisPost

Ուրուկուէյցի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Լեմոսի «Մենք ենք մեր սարերը» փաստավաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիսասրահի գլխաւոր դահլիճին մէջ` մեծաթիւ հանդիսատեսի ներկայութեամբ:

Ֆիլմը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան` Հարաւային Ամերիկայի մէջ ունեցած հետեւանքներուն եւ Արցախի հակամարտութեան: Նկարահանումներ իրականացուած են գրեթէ բոլոր ցամաքամասներուն մէջ, այդ շարքին` Արցախի առաջնագիծի հայկական կողմին մէջ:

we are our mountains

Հանդիսութեան ընթացքին, որուն ներկայ էին Ուրուկուէյի կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներ, Արցախի նախագահի խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան ֆիլմի հեղինակին յանձնած է Արցախի պետական նախարարին յուշամետալը` գնահատելով կատարուած աշխատանքը:

Կայ տեղեկութիւն, որ Ատրպէյճանի դեսպանատունը խնդրած է Ուրուկուվյի իշխանութիւններէն մերժել ֆիլմի ներկայացումը պետական նշուած սրահին մէջ, սակայն պատասխան ստացուած է, որ ձեռնարկը իրականացուած է` յարգելով մասնաւոր իրաւունքի կանոնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment