Ուրուկուէյցի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Լեմոսի «Մենք ենք մեր սարերը» փաստավաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիսասրահի գլխաւոր դահլիճին մէջ` մեծաթիւ հանդիսատեսի ներկայութեամբ:
Ֆիլմը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան` Հարաւային Ամերիկայի մէջ ունեցած հետեւանքներուն եւ Արցախի հակամարտութեան: Նկարահանումներ իրականացուած են գրեթէ բոլոր ցամաքամասներուն մէջ, այդ շարքին` Արցախի առաջնագիծի հայկական կողմին մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին, որուն ներկայ էին Ուրուկուէյի կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներ, Արցախի նախագահի խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեան ֆիլմի հեղինակին յանձնած է Արցախի պետական նախարարին յուշամետալը` գնահատելով կատարուած աշխատանքը:
Կայ տեղեկութիւն, որ Ատրպէյճանի դեսպանատունը խնդրած է Ուրուկուվյի իշխանութիւններէն մերժել ֆիլմի ներկայացումը պետական նշուած սրահին մէջ, սակայն պատասխան ստացուած է, որ ձեռնարկը իրականացուած է` յարգելով մասնաւոր իրաւունքի կանոնները: