Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ատրպէյճանի Կողմէ Վերահսկուող Տարածքներուն Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Ապագային Վերաբերեալ

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Ատրպէյճանի Կողմէ Վերահսկուող Տարածքներուն Մէջ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Ապագային Վերաբերեալ

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Յունիս 2-ին հրապարակած է «Միջազգային կրօնական ազատութեան 2021-ի զեկոյցը»:

Զեկոյցի «Ատրպէյճան» բաժնին մէջ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը կը յիշատակէ Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն» վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կառոյցին արտայայտուած մտահոգութիւնը` կապուած Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ տասնեակ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու, ներառեալ` Դադիվանք վանական համալիրի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ կոթողներու ապագային վերաբերեալ:

Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հայ ուխտաւորներուն բազմիցս մերժած է մուտք գործել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքին մէջ գտնուող վանք: Ատրպէյճանցիները, իրենց հերթին, չեն կրցած այցելել բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններ` ականապատման պատճառով:

Պետական Քարտուղարութիւնը յիշեցուցած է, որ ԵԽԽՎ բանաձեւը մտահոգութիւն կը յայտնէ Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակի վրայ զարգացող այն վարկածին առնչութեամբ, որ կը ձգտի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը փոխարինել «կովկասեան ալպանական» ժառանգութեամբ:

Կ’ընդգծուի, որ տարուայ ընթացքին բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած է հայկական մշակութային եւ կրօնական կառոյցներուն նկատմամբ վանտալիզմի, ինչպէս նաեւ հայկական ժառանգութեան նկատմամբ կառավարութեան դիտաւորեալ իրականացուող գործողութիւններուն մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment